UNESCO-ի ամէնամեայ զեկոյցի՝ Թուրքիոյ նուիրուած բաժինին մէջ թուարկուած են բոլոր այն 15 լեզուները, զոր անհետացման եզրին յայտնուած են:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, ըստ զեկոյցին` 3 լեզու արդէն անհետացած է Թուրքիոյ մէջ: Անոնք են՝ Կապադովկիոյ յունարէնը, ուբիխեան լեզուն, որ կ’օգտագործուէր Թուրքիոյ արեւելքը եւ հիւսիսբոհտանեան մահսօ լեզուն, որ արամէական ծագում ունի:
Անհետացման վտանգի մէջ յայտնուած լեզուներն են. համշեներէնը, գագաուզերէնը, սեֆարդի հրէաներու լեզուն, թուրոյա լեզուն (կ’օգտագործուի Մարտինի Միտեաթ շրջանին մէջ), աբխազերէնը, լազերէնը, չերքեզերէնը, պոնտական յունարէնը, գնչուներու կողմէ կիրարկուող սինտի լեզուն եւ այլն:
Թուրքիան Նեփալի, Փաքիստանի, Պանգլատէշի, Կուաթեմալայի ու շարք մը այլ երկիրներու հետ յայտնուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք թէեւ իրենց տարածքին մէջ ունին բազմաթիւ լեզուներ, բայց պետական կրթական ծրագիրով կը դասաւանդեն միայն մէկ լեզու: