ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Փետրուար 21-ին «Եանս» ակումբին մէջ մասնակցեցաւ ՀՀ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդական մրցանակաբաշխութեան եզրափակիչ փուլին եւ մրցանակակիրներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան:
Մրցանակաբաշխութեան «Երիտասարդ հայրենադարձ» անուանակարգին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ընտրութեամբ երրորդ եզրափակիչ փուլ անցած էին «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնադրամի ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեան եւ Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուող «Ճանապարհ» ֆիլմաշարի հերոս Րաֆֆի Պետրոսեան:
Քուէարկութեան արդիւնքով «Երիտասարդ հայրենադարձ» անուանակարգին մէջ յաղթեց Լարիսա Յովհաննիսեան:
Մրցանակը յանձնեց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարարը կարեւոր համարեց հայրենիքի մէջ երիտասարդ հայրենադարձներու կողմէ իրականացուող աշխատանքները եւ նշեց. «Կը կարծում, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը հրաշալի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է` գնահատելով եւ արժեւորելով տարբեր ոլորտներու մէջ կայացած եւ ներդրում ունեցող երիտասարդներու աշխատանքը: Մրցանակաբաշխութեան, ընդգրկելով «Երիտասարդ հայրենադարձ» անուանակարգը, սփիւռքահայ երիտասարդութեան կը ներկայացուի Լարիսայի, Րաֆֆիի եւ անոնց նման հայրենիքը բացայայտած ու անոր խնդիրներու լուծման գործին մէջ իրենց նպաստը բերած երիտասարդներու օրինակը: Վստահ եմ, որ անոնց գործն ու կերպարը, յաջողած փորձը հրաշալի ազդակ կը դառնայ հազարաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներու համար»: