Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատելու վերաբերեալ:
«Բարձր կը գնահատենք բարեկամ Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ այսօր տեղի ունեցած քննարկումները եւ ատոնց արդիւնքով ընդունուած բանաձեւները, որոնք աներկբայօրէն կը վերահաստատեն 2004-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այս քայլով Հոլանտայի խորհրդարանը կրկին հաստատեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին»,– ըսած է Նալպանտեան:
«Reuters»-ի հաղորդման համաձայն՝ քուէարկութենէն առաջ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սիկրիտ Գաակ ըսած է, որ երկրի կառավարութիւնը պիտի չհետեւի խորհրդարանի որոշումին: Ան ըսած է, որ «անցեալի դէպքերու մասին խօսելու ատեն պէտք է ծայրայեղ զգուշութեամբ կիրարկել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը»:
«Կառավարութիւնը պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, որոնք առաջ աւելի լաւ եղած են», – աւելցուցած է նախարարը:
Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լարուեցան 2017-ին, երբ Հոլանտայէն արտաքսեցին թուրք նախարարը, որ ժամանած էր թուրք բնակչութեան մէջ սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւ վարելու համար: