*ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ*
Այս վերջերս արեւմտահայ մամուլի եւ անհատական գրողներու քով բազմացած է շարժման բառին գործածութիւնը, յատկապէս՝ «Արցախեան շարժման» բառակապակցութեան մէջ: Ասի ընդունելի է արեւելահայերէնի մէջ, սակայն անընդունելի է արեւմտահայերէնի մէջ:
Եւ ոչ միայն այս, այլեւ ուրիշ կարգ մը բառեր, որոնք պէտք է արժանանան ուշադրութեանը այն արեւմտահայուն, որ հակամէտ է ճիշդ գրել արեւմտահայերէնը:
Չի բաւեր խօսքով սիրել իր մայրենին, պէտք է նաեւ քիչ մը գործով ալ սիրել զայն ու գուրգուրալ անոր առանձնայատկութիւններուն վրայ:
Ստորեւ այդ բառերը:
* * *
Գրաբարի եւ արեւելահայերէնի մէջ գոյականներու հոլովումը ընդհանրապէս կայուն է, այսինքն՝ իւրաքանչիւր գոյական կը հոլովուի մէկ կաղապարով. օրինակ՝ մարմին-մարմնի, տուն-տան եւ այլն: Դժուար է պատկերացնել դասական կամ արեւելահայ հեղինակ մը որ շեղի այս ձեւերէն: Արեւմտահայ գրական ու ժողովրդական աշխարհաբարը, սակայն, շատ աւելի ճկուն է. ան կրնայ հաւասարապէս ըսել՝
գլուխի -գլխի, գլուխէ -գլխէ, գլուխով-գլխով
ճակատի -ճակտի , ճակատէ -ճակտէ, ճակատով-ճակտով
մարմինի-մարմնի, մարմինէ-մարմնէ, մարմինով-մարմնով
բերանի-բերնի, բերանէ-բերնէ, բերանով-բերնով
շարժումի-շարժման շարժումէ շարժումով
տունի-տան տունէ տունով
Այնուամենայնիւ այս ազատութիւնը համատարած չէ: Բերուած վեց բազմիմաստ բառերը ազատօրէն երկձեւ կը հոլովուին իրենց բուն իմաստով, սակայն այդ ճկունութիւնը կը կորսնցնեն փոխաբերական իմաստի կիրարկութեան պարագային եւ կը հոլովուին միայն մէ՛կ ձեւով. ստորեւ օրինակներ՝
Ինչե՜ր անցան գլուխէս (կամ՝ գլխէս):
Գիրքին առաջին գլուխէն (բայց ոչ՝ գլխէն) հատուած մը կարդացի:
Անոր ճակատին (կամ՝ ճակտին) վրայ լուսապսակ մը կայ:
Ճակատի (բայց ոչ՝ ճակտի) առաջին գիծին վրայ կրակոցներ կան:
Մարտիկին մարմինին (կամ՝ մարմնին) վրայ վէրքեր կային:
Վերին մարմինին (բայց ոչ՝ մարմնին) որոշումները գործադրուեցան:
Անոր բերանին (կամ՝ բերնին) չափը տուող մը պէտք է:
Վիզը թշնամիի սուրին բերանին (բայց ոչ՝ բերնին) հանդիպեցաւ:
Գլուխին շարժումին (կամ՝ շարժման) կը հետեւէին ձեռքերն ալ:
Ազատագրական շարժումին (ոչ՝ շարժման) նեցուկ կանգնինք:
Այս տունին (կամ՝ տան) մուտքը լայն է:
Քերթուածի առաջին տունին (բայց ոչ՝ տան) ոտքերը կաղ են:
Յարմար է տակաւին ըսել՝ Սպիտակ տունի բնակիչները եւ ոչ՝ Սպիտակ տան, Լորտերու տունին եւ ոչ՝ Լորտերու տան, սակայն պէտք է ըսել, որ երկուքի պարագային ալ «տան» սեռականը շատ տարածուած է, անշուշտ տգիտութեան հետեւանքով, բայց եւ այնպէս ընդհանրացած տգիտութիւնը հետզհետէ եւ անխուսափելիօրէն կը դառնայ գիտութիւն:
Ծանօթ.– 1. Երբ մարմին բառով կը բնորոշենք նիւթին երեք կերպերը՝ հաստատուն, հեղուկ եւ կազային, այս պարագային եւս անհնչիւնափոխ կը կիրարկենք զայն. օրինակ՝ այս հեղուկ մարմինին եւ ոչ՝ այս հեղուկ մարմնին: 2. Ակնարկելով սովորական սպիտակ տունի մը՝ կարելի է ըսել. «Այդ սպիտակ տան ծխնելոյզը կը ծխայ» կամ ակնարկելով անհատ լորտի մը սեփական տունին՝ կարելի է ըսել. « Այս լորտին տան դուռը միշտ բաց է»:
Նոյն տրամաբանութեամբ ալ՝ «Միջերկրական ծովին (կամ ծովուն) մէջ խեղդուեցաւ», սակայն՝ «Աչքերուդ ծովին (ոչ ծովուն) մէջ խեղդուեցաւ…»:
Պապ՝ իբրեւ մեծհայր, թէեւ գրական արդի արեւմտահայերէնի մէջ կու տայ պապի, այսուհանդերձ երբեմն արեւելահայերէնի, երբեմն ալ բարբառներու թելադրանքով կ’ըսենք նաեւ պապու, որ այնքան ալ խրախուսելի չէ. սակայն Հռոմի քահանայապետի պարագային բոլորովին բացառուած է պապու հոլովաձեւը, այլ միայն՝ պապի(ն):
Շահ գոյականը՝ «եկամուտ»-ի իմաստով, հաւասարապէս կու տայ շահի եւ շահու. «Անոր շահին (կամ՝ շահուն) ու վնասին պատասխանատու չենք»: Իսկ երբ ան կը նշանակէ Պարսկաստանի թագաւորը, կարելի է ըսել միայն շահի. բացառուած է շահու տարբերակը. «Շահին կենացը բարեմաղթանքներ ըրին ներկաները»:
Երբ շարժում կը նշանակէ որեւէ առարկայի ընթացք, երերում, տեղափոխութիւն, որ է այս բառին հնագոյն եւ հանրօրէն ծանօթ նշանակութիւնը, ապա կարելի է հաւասարապէս գրել շարժումի եւ շարժման. թէեւ այս վերջինը այնքան ալ այլեւս ընտիր հոլովում մը չէ այս բառին համար, սակայն կան հնամոլներ, որոնք կը շարունակեն ըսել շարժման: Իսկ երբ ան կը նշանակէ որեւէ կազմակերպութիւն, հաւաքական գործունէութիւն կամ պայքար, ապա պատշաճ չէ շարժման ձեւը, պէտք է ըսել շարժումի(ն): Այսպէս, չենք կրնար ըսել. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան ղեկավարն էր հայոց համազգային շարժման», այլ՝ շարժումին:
Երբ երկիր կը նշանակէ ազգային, վարչական, պետական տարածք, կրնայ հաւասարապէս տալ երկրի եւ երկիրի. «Այս երկրին (կամ՝ երկիրին) սահմանները անպաշտպան մնացած են», կամ՝ «մէկ երկրէ (կամ՝ երկիրէ) ուրիշ երկիր փոխադրուիլ»: Իսկ երբ ան կը բնորոշէ մոլորակը՝ նախ կը գլխագրուի, ապա չի կրնար սղումով հոլովուիլ. կրնանք ըսել միայն Երկիրի(ն), բայց բնաւ երբեք Երկրի. օրինակ՝ «Երկիրին հեռաւորութիւնը Արեւէն…»,– բայց ոչ՝ «Երկրի հեռաւորութիւնը Արեւէն», կամ՝ «Երկիրէն դէպի Հրատ արձակուած տիեզերանաւ մը…»,– բայց ոչ՝ «Երկրէն արձակուած…»: