Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Բանակը Միշտ Պատրաստ է Արժանի Հակահարուած Տալու Թշնամիի Որեւէ Ոտնձգութեան. Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 23-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է հայրենիքի պաշտպանի օրուան առթիւ:

«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունէն ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Հայրենիքի պաշտպանի օրուան առթիւ: Կը շնորհաւորեմ մեր ողջ ժողովուրդը: Արցախեան գրեթէ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ կան զինուորներ, սպաներ, զօրավարներ, հայրենիքի պաշտպանութեան մասնակցած վեթերաններ, այդ սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած ազատամարտիկներ: Յաւե՜րժ փառք ու պատիւ Հայրենիքի նուիրեալներուն:

«Մենք հպարտ ենք մեր քաջարի զինուորի բազուկի եւ ոգիի ուժով, հպարտ ենք, որ ունինք պատերազմի մէջ թրծուած ու կայացած հզօր ու յաղթական բանակ, որ անառիկ կը պահէ հայրենի երկրի սահմանները եւ միշտ պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու թշնամիի որեւէ ոտնձգութեան:

«Հպարտ ենք եւ այսուհետեւ նոյնպէս ամէն հնարաւոր բան պիտի ընենք մեր երկրի պաշտպանութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան շարունակական ամրապնդման, խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ: Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք»,- ըսուած է Բակօ Սահակեանի ուղերձին մէջ, կը յայտնէ Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին