Որպէս մարդկութեան հանդէպ յարգանքով լեցուած անձիք` մենք մշտական յիշողութեան պարտաւորութիւն ունինք այն անմեղ զոհերու յիշատակին, որոնք պարզապէս կ’ուզէին ապրիլ։
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի յուշամատեանին մէջ այս խօսքերով իր գրառումը սկսած է Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարի-Նիաքան (Henry Rabary-Njaka), որ Հայաստան կը գտնուի՝ աշնան մեր երկրին մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին իր երկրի նախագահի այցի կազմակերպման հարցերով: «Որպէս անձիք, որոնք յարգանքով կը վերաբերին մարդկութեան` մենք նաեւ մշտական յիշողութեան պարտաւորութիւն ունինք անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ: Այն երեխաներու, պատանիներու, երիտասարդներու, կանանց եւ տղամարդոց հանդէպ, որոնք ընդամէնը կը խնդրէին թոյլ տալ իրենց ապրիլ: Ողջ մարդկութիւնը պէտք է դաս քաղէ այս սոսկալի դէպքերէն, որպէսզի պատմութիւնը այլեւս այս ուղղութեամբ չկրկնուի: «Այլեւս երբեք»-ը պէտք չէ սոսկ կարգախօս ըլլայ, մենք այդպէս պէտք է ապրինք: Մենք կը խոնարհինք ու մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք բոլոր հայ զոհերու յիշատակին»,- գրած է նախարարը:
Ան իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն հետ նախ ծաղիկներ խոնարհեց Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին` անմար կրակի մօտ, ապա շրջայց կատարեց թանգարանին մէջ եւ ծանօթացաւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին օտարերկրեայ դիւանագէտը նշած է, որ մինչեւ Հայաստան գալը արդէն ծանօթացած էր այս իրադարձութիւններուն եւ ցաւով արձանագրած, որ աշխարհի մէջ այսօր ալ «այսպիսի սոսկալի դէպքեր կը կրկնուին»: «Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան, որ «Հայաստանը ստանձնած է առաջամարտիկի դեր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման գործին, ինչպէս կրնայ Մատակասքարը աջակցիլ մեր երկրին այդ հարցով», Անրի Ռապարին ըսած է. «Մատակասքարի ներկայ ղեկավարութիւնը մեծ յարգանք ունի մարդու իրաւունքներու, մարդասիրութեան նկատմամբ, ի հարկէ, մենք, որ կը գտնուինք մեր բարեկամ երկրին մէջ, ատիկա արդէն կը նշանակէ, որ Հայաստանի հետ կը կիսենք նոյն արժէքները»: