ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան լեզուի տեսչութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակազմի կրթութեան եւ մարմնակրթութեան բաժինի համատեղ նախաձեռնութեամբ Փետրուար 21-ին մայրաքաղաքի Ալեքսանդր Կրիպոյետովի անուան N3 միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է «Ոսկէ բանալի» խորագիրով քաղաքային գրական-երաժշտական ցերեկոյթ` նուիրուած մայրենի լեզուի միջազգային օրուան:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ ձեռնարկին ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան լեզուի տեսչութեան պետ Արտակ Ղուլեան, ողջունելով ներկաները, իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է մայրենի լեզուի դերն ու նշանակութիւնը մարդու կեանքին մէջ:
«Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ կը նշուի մայրենիի օրը: Բոլոր ազգերն ալ իրենց մայրենին շատ կը սիրեն: Հաւանաբար սխալ է, որ տարուան մէջ մէկ անգամ կը յիշենք մայրենի լեզուի օրը, բայց մենք պէտք է միշտ փառաբանենք, մեծարենք ու սիրենք մեր մայրենին եւ երբեք չաղաւաղենք զայն: Պէտք է ապրինք ու շնչենք մեր մայրենիով: Մեր ազգի ինքնութիւնը, լինելիութիւնը պայմանաւորուած է լեզուով եւ մենք ալ զայն պէտք է փայփայենք, պահպանենք, հնչեցնենք եւ միշտ արժեւորենք»,- մասնաւորապէս ըսած է Ա. Ղուլեան:
Մայրենիի միջազգային տօնին առիթով՝ Մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու գործին մէջ ունեցած աւանդին համար Ա. Ղուլեան Ստեփանակերտի Ալեքսանդր Կրիպոյետովի անուան N3 միջնակարգ դպրոցին յանձնած ԱՀ ԿԳՄ նախարարութեան պատուոգիրը:
Ցերեկոյթին դպրոցի աշակերտները եւ ուսուցիչները հանդէս եկած են մայրենի լեզուին նուիրուած ասոյթներով, բանաստեղծութիւններով, երգերով, ազգային պարերով:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակիցներ, ուսումնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, աշակերտներ եւ այլք: