Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հոլանտայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Երկու Բանաձեւներ Ընդունեց

Հոլանտայի խորհրդարանը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունեց երկրի համախոհ կառավարութեան մէջ մտնող Քրիստոնէական Միութիւն կուսակցութեան անդամ Ժոյել Ֆորտեւինտի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան երկու բանաձեւները: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»-ի, կը տեղեկացնէ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան նախագահ Մաթօ Հախուերդեան։

«Բանաձեւներու քուէարկութիւններուն կողմ եղած են գրեթէ բոլոր խմբակցութիւնները. դէմ քուէարկած է միայն փոքրաթիւ խմբակցութիւններէն մէկը, որուն երեք անդամներն ալ ազգութեամբ թուրք են: Բանաձեւները ընդունուեցան 142 կողմ ձայներով», ըսած է Հախուերդեան:

Առաջին բանաձեւով կը վերահաստատուի Հոլանտայի կողմէ 2004-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշումը, իսկ երկրորդով կը պարտադրուի կառավարութեան՝ նախարարի մակարդակով հինգ տարին մէկ անգամ Ապրիլ 24-ին այցելել եւ յարգանքի տուրք մատուցել Ծիծեռնակաբերդի մէջ»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին