Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Մայրենիի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկներ. Այցելութիւն Օշական, Արեւմտահայերէնին Նուիրուած Գիրքերու Շնորհանդէս Եւ Կլոր Սեղան-Քննարկում

Փետրուար 21-ին` ժամը 11:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելութիւն Օշական, ծաղկեպսակի խոնարհում Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմին, Մայրենիին նուիրուած ձեռնարկ (լրագրողներուն տեղափոխող հանրակառքը կ’ուղեւորուի ժամը 10:00-ին, հասցէ`  Վ. Սարգսեան 3): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Ժամը 14:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի աջակցութեամբ  ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ 2016-2017 թուականներու Սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած արեւմտահայերէնին նուիրուած գիրքերու շնորհանդէս (հասցէ` Գ. Լուսաւորչի 15, 3.-րդ յարկ):

Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեան։

Ժամը 15:00-ին գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ կլոր սեղան-քննարկում` նուիրուած արեւմտահայերէնի խնդիրներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին