Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Քննարկումները Տեղի Պիտի Ունենան Այս Շաբաթ. Ժոյել Ֆորտեւինտ

Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծներու քննարկումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթ: Այս մասին «NEWS.am»-ին ըսած է Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւոր, փաստաթուղթերուն հեղինակ Ճոյել Ֆորտեւինտ:

Ըստ անոր` ներկայացուած են երկու փաստաթուղթեր, եւ երկուքն ալ կը ներկայացուին քուէարկութեան: «Բանաձեւի նախագիծներէն մէկը կոչ կ’ընէ պետական նախարարին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ տեղի ունեցող յիշատակի ձեռնարկներուն, իսկ միւսը կոչ կ’ընէ խորհրդարանին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Երկուքն ալ խորհրդարանին մէջ մեծ աջակցութիւն ունին»,- ըսած է պատգամաւորը:

Փետրուար 19-ին թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծներուն հետ կապուած, զորս ընդգրկուած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրակարգին վրայ, Անգարայի մէջ Հոլանտայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը հրաւիրուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին