Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան պատմական դահլիճին մէջ երէկ՝ Փետրուար 20-ին, տեղի ունեցաւ Արցախի վերածնունդի օրուան նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն հրաւիրուած էին Արցախեան շարժումի վեթերաններ, պետական պաշտօնեաներ, պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան սպաներ, քաղաքական շրջանակներու եւ հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներ, հիւրեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ՝ Նախագահ Սահակեան նշեց, որ սերունդները միշտ պիտի հպարտանան 1988-ին հրապարակ ելած մեր ժողովուրդի քաջութեամբ ու սխրանքով՝ ընդգծելով, որ այդ տօնը կը հանդիսանայ հայրենասիրութեան, անձնուիրութեան, միասնականութեան, սեփական ուժերուն ապաւինելու, անսասան կամքի եւ հաւատքի խորհրդանիշ:
«Մայր Հայաստանի եւ համայն հայութեան հետ միասին մենք արդէն 30 տարիէ կ’ընթանանք այս ճամբով եւ կը շարունակենք մեր անկասելի ուղին` ամուր պահելով մեր ժողովուրդի յաղթական ոգին, կամքն ու միասնականութիւնը»,- շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:
Ընդունելութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Արցախեան շարժումի վեթերաններ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ: