Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին Նուիրուած` Ձեռնարկներ Պիտի Կազմակերպուին Արտերկրի Մէջ. Նախարար

Արցախեան շարժումի 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան ամբողջ տարուան ընթացքին ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ արտերկրի մէջ:

Ըստ «Արցախփրէս»-ի՝ այս մասին Փետրուար 19-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԱՀ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան:

Մասնաւորապէս Փետրուար 22-ին Մոսկուայի մէջ «Ռեգնում» լրատուական գործակալութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ կլոր սեղան` նուիրուած Արցախեան շարժումի 30-ամեակին:

Փետրուար 24-ին Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենայ յորդանանցի հայ լուսանկարիչին ցուցահանդէսի բացումը, որ 1994 եւ 2016 թուականներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ եկած է Ղարաբաղ եւ լուսանկարած պատերազմը արտացոլող պատկերներ: Ան ցուցահանդէսին պիտի ներկայացնէ մօտ 60 լուսանկար:

Նախարարին խօսքով` «Արցախի օրերը Ֆրանսայի մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս կազմակերպուող ձեռնարկներուն մէկ մասը եւս նուիրուած պիտի ըլլայ շարժումի 30-ամեակին:

«Տարուան ընթացքին արտասահմանի մէջ կը նախատեսուին քաղաքական, մշակութային տարբեր ձեռնարկներ, որոնց պիտի մասնակցին մեր մշտական ներկայացուցչութիւնները: Այդ ձեռնարկներուն մասնակցելու համար Արցախէն պիտի գործուղղուին նաեւ տարբեր պաշտօնեաներ: Պիտի ըլլան դասախօսութիւններ, ելոյթներ»,- ըսած է Մ. Մայիլեան` աւելցնելով, որ սա եւս մէկ հնարաւորութիւն է` ձեռնարկներու շնորհիւ տեղեկացնելու լայն հասարակութիւնը շարժումի պատմութեան, խնդիրի էութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսելու մեր իրաւունքներու մասին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին