2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը հետամուտ եղան դպրոցի բարեզարդման անհրաժեշտ աշխատանքներու կազմակերպման։
Այս ծիրէն ներս Կիրակի, 18 Փետրուար 2018-ին բացումը կատարուեցաւ Վարժարանիս վերանորոգուած Տիկնիկային Թատրոն-Սինեմա ցուցասրահին՝ ձեռամբ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի։
Արարողութեան ներկայ էր ցուցասրահի բարերար՝ ԱՍՊԵՏ Տիար Կիրակոս Տարագճեան։
Բացումին ընթացքին «Արեգակ» Մանկապարտէզի փոքրիկները հիւրերուն հետ միասին հետեւեցան ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական հաճելի թատրոնի մը։