Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Շատ Միրգ Կերէք, Խնձոր եւ Սալոր. Խորհուրդ Կու տայ Արցախցի 110-ը Տարեկան Բնակչուհին

Ղարաբաղեան հողը հռչակուած է ո՛չ միայն սքանչելի բնութեամբ, հնադարեան յուշարձաններով, բարեբեր հողով, այլ նաեւ երկարակեացներով:

2018 թուականի Փետրուարի տուեալներով` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ’ապրի 100 տարեկանը անց 16 մարդ։ Այս մասին կը հաղորդէ «News.am»-ը:

Ամենատարեցը` 110-ամեայ Արեւհատ Սարգսեանը, կը բնակի Թաղավարդ գիւղին մէջ: Անոր այցելած են լրատուամիջոցի թղթակիցները եւ գրած.-

«Մեր այցելութեան պահուն Արեւհատ տատիկը տունը չէր: Չծրագրած հիւրերը դիմաւորեցին տնեցիները` հարսերն ու ծոռները: Շուտով յայտնուեցաւ նաեւ ինքը` այցելութեան «մեղաւորը»: Սեւ գլխաշորով ու գոգնոցով փխրուն կին է: Դժուար կեանքի երկար տարիները իրենց հետքը ձգած են, սակայն չեն փոխած լուսաշող, մանկականօրէն ուրախ ժպիտը:

Արեւհատ տատիկի հետ զրուցելը հաճելի է, բայց դիւրին չէ: Ղարաբաղեան բարբառը, որ շատ դժուարահասկնալի է, շռայլօրէն համեմուած է տեղական բառերով եւ արտայայտութիւններով: Կը փորձեմ տատիկէն նրբանկատօրէն իր մասին հարցուփորձ ընել, սակայն 10 վայրկեանէն ընդմիջում կը խնդրեմ եւ «թարգմանիչ»:

Հարսի` Սթելլայի միջոցով կը պարզուի, որ Արեւհատ տատիկի 110 տարեկանը լրացած է Յուլիս 1-ին: Մէկ դարէն երկար տեւած կեանքը եղած է դժուար, ծանր, ձեռքբերումներով եւ կորուստներով լի: 17-ամեայ Արեւհատը ամուսնացած է հինգ զաւակներու հայր՝ այրի Ղազարի հետ: Պատանի Արեւհատը իր առաջնեկը ունեցած է, սակայն որոշ ժամանակ անց Ղազարը մահացած է: Արեւհատը չէ ձգած հարազատ դարձած օտար զաւակները: Քանի մը տարի ետք Արեւհատը ամուսնացած է երկրորդ անգամ: Եւ դարձեալ այրիի հետ, որ ունէր վեց զաւակ: Զոյգը ունեցած է երեք զաւակ: Երկրորդ ամուսինի մահանալէն ետք Արեւհատը մեծցուցած է 15 զաւակ` «իմս եւ քուկդ» տարբերութիւն չդնելով: Արեւհատը երկար տարիներ հիւանդանոցի մէջ աշխատած է: Ընդհանրապէս վերապրած կեանքի մասին տատիկին հարցուփորձ ընելը վէրքերու փորփրում է: Այս կամ այն բանի մասին պատմելու ընթացքին Արեւհատ տատիկը պարբերաբար կը կրկնէ` «չեմ ապրած, այլ տանջուած եմ», եւ աչքերը արտասուքով կը լեցուին: Հարցը, թէ տատիկը, այնուամենայնիւ, քանի՛ թոռ ու ծոռ ունի, անպատասխան մնաց: «Հարիւրէն աւելի»,- ամփոփեց Սթելլան:

Եւ, այնուամենայնիւ, աչքերու խորամանկ փայլն ու ժպիտը կը մատնեն շրջապատի հանդէպ աշխոյժ հետաքրքրութեան մասին: «Միայն թէ վատ կը տեսնեմ ու կը լսեմ»,- կը բողոքէ տատիկը: Ան նրբագեղ մատներով, փոքրիկ ձեռքով կը վերցնէ սուրճի գաւաթը: Պարզուեցաւ` տատիկը սուրճ եւ լաւ գինի կը սիրէ: «Իսկ ծխել փորձա՞ծ էք»,- կը կատակենք մենք: «Վայ, վայ»,- կը զայրանայ Արեւհատ տատիկը:

Տնեցիներուն խօսքով` տատիկը սնունդի հարցով ընդհանրապէս զուսպ է: Մեծ մասամբ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն կ’ուտէ, միս չի սիրեր, իսկ երշիկ եւ նրբերիշկ բերանը չի դներ: «Շատ միրգ կերէք, խնձոր եւ սալոր, չիր, առողջութեան համար օգտակար է»,- խորհուրդ կու տայ Արեւհատ տատիկը: Վատթարացած տեսողութիւնը տատիկին թոյլ չի տար մանր աշխատանք կատարելու, գործելու կամ կարելու, սակայն աշխուժօրէն, իր ուժերու սահմաններուն մէջ, հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընէ տան եւ այգիին մէջ: Կը սիրէ մէկ-երկու բառ փոխանակել հարեւան ընկերուհիներու հետ:

Արեւհատ տատիկը հիւրերը ճանապարհեց մուտքի սանդղահարթակին: Եւ մինչ մենք դէպի դարպասները կ’երթայինք, ան կանգնած էր աստիճաններուն, կը ժպտէր եւ մեր ետեւէն ձեռքը կը թափահարէր:

Ստեփանակերտի ճանապարհին մեզմէ իւրաքանչիւրը մտքերու մէջ խորասուզուած էր, զորս համակուած էին Արեւհատ տատիկի հետ հանդիպումով: Համաշխարհային առաջին պատերազմ, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմ, մարդու կողմէ Տիեզերքի նուաճում, Արեւհատ տատիկը եղած է ամբողջ դարու մը իրադարձութիւններու ականատեսը:

Արեւհատ տատիկ, առողջութիւն քեզ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին