Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Հայկական Արմատներով Ամերիկացին Կը Ղեկավարէ ԱՄՆ Ռազմաօդային Ուժերու Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը

Հայկական ծագումով ամերիկացի Ճեֆրի Հարիգեան կը ղեկավարէ Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:

Զօրավար-հարիւրապետ Ճեֆրի Հարիգեան պատասխանատու է արտակարգ իրավիճակներու մէջ գործողութիւններու ծրագրի  մշակման եւ Կեդրոնական եւ հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ 20 պետութիւններու մէջ օդային գործողութիւններու իրականացման համար:

Անոր հայկական արմատներուն մասին պատմած է Միքայէլ Թաթոյեանը` «Dover International Speedway»-ի տնօրէնը եւ «Dover Motorsports»-ի գործադիր տնօրէնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ունի քանի մը մրցավազքային գօտիներ:

«Armenia Proud»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Թաթոյեան պատմած է, որ կը մասնակցի ԱՄՆ Ռազմաօդային ուժերու ծրագիրին, որուն ծիրէն ներս անոնք քաղաքացիական հասարակութեան հետ յարաբերութիւնները կը կարգաւորեն:

Ծրագիրի ճեպազրոյցներէն մէկը վարած է Ճեֆրի Հարիգեանը: Թաթոյեան նշած է, որ ճեպազրոյցէն ետք ան մօտեցած է Հարիգեանին եւ ըսած, որ ինք նոյնպէս հայ է: «Մենք անմիջապէս գրկխառնուեցանք եւ իրար ձեռք սեղմեցինք: Սկսանք խօսիլ մեր նախնիներու, ընտանիքներու, սնունդի մասին: Ան հայու արտաքին ունի»,- ըսած է Թաթոյեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին