2018 Ապրիլ 10-ին Վան քաղաքին մէջ պիտի բացուի թանգարան, ուր պիտի ներկայացուին Վանի թագաւորութեան (Ուրարտու) պատմութեան նուիրուած գտածոներ եւ բացառիկ նմոյշներ:
Ըստ «Ermenihaber.am»-ի՝ Վանի նահանգապետ եւ համանուն քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնակատար Մուրաթ Զորլուօղլուն յայտնած է, որ թանգարանի բացումը շատոնց նախատեսուած էր, սակայն որոշ խնդիրներու պատճառով կը յետաձգուէր:
Թանգարանի շինարարութիւնը, որ դեռ կը շարունակուի, ֆինանսաւորուած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ (10մլն թրքական լիրա, որ համարժէք է 263 622.23 տոլարի):
Բացման արարողութեան պիտի հրաւիրուին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշը:
Թանգարանին համար երկար ժամանակ նմոյշներ հաւաքագրուած են շրջակայ տարածքներէն: 2013-ի դրութեամբ՝ նմոյշներուն թիւը կը հասնէր 87 հազարի:
Կ’ակնկալուի, որ անիկա պիտի հանդիսանայ Թուրքիոյ ամենամեծ թանգարաններէն մէկը: Թանգարանը ունի 54,000 մա տարածք: