*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք«ի Արցախի աշխատակից
Ստեփանակերտի Մէջ Նշուած Է Արցախեան Շարժումի 30-Ամեակը
30 Տարի Անց՝ Անփոփոխ Ոգեւորութեամբ
1988-ի Փետրուար 13-ին Ստեփանակերտի մէջ առաջին հանդիպումը կայացաւ: Շարժումը ճնշելու Պաքուի ջանքերը հակառակ ազդեցութիւն ունեցան՝ ժողովուրդը հրապարակ հանեցին: Փետրուար 13-էն արդէն անթաքոյց՝ արցախահայութիւնը հռչակեց, որ ինքն է իր ճակատագրի տէրը: Յաջորդող տարիներուն ալ իր դատը պաշտպանեց՝ ընդհուպ մինչեւ խրամատներու մէջ: 30 տարի անց 88-ի դասերը արդիական կը մնան, ոգեւորութիւնը՝ անսպառ: Յիշարժան տարեդարձի առթիւ 2018-ի Փետրուար 13-ին հազարաւոր արցախցիներու եւ հիւրերու գլխաւոր հանդիպատեղին նորէն Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակն էր: Աւագներու հետ հրապարակ նաեւ նոր սերունդն է՝ նոր կարգախօսերով, նոր նպատակներով: Աւագներու ձեռքբերումները կը պարտաւորեցնեն աւելիին ձգտիլ:
Ինչպէս 30 տարի առաջ՝ միասնական ու ոգեւորուած, Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակը գրաւած են արցախցիները: 1988-ի Փետրուար 13-ը ընդյատակէն դեռ նոր դուրս եկող Արցախեան շարժումին համար կրնար ճակատագրական դառնալ: Այդ օր Պաքուէն ժամանած ղեկավար կազմի մասնակցութեամբ ու պահանջով ԼՂԻՄ պիւրոներու ընդլայնուած նիստը պէտք է գումարուէր ու դատապարտէր՝ Արցախը Հայաստանին վերամիաւորելու պահանջները: 30 տարի առաջ այս օրը արցախահայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ այդ մէկը թոյլ չտալու համար:
88-ի հերոսները պատուանդանի վրայ են՝ Արցախի գործող ու նախկին նախագահներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, Շարժումի 30-ամեակը խորհրդանշող կրծքանշաններով ու դրօշակներով: Նոյն կրծքանշաններով՝ հրապարակին մէջ նոր սերունդն է՝ նոր կարգախօսերով, ոչ պակաս ոգեւորուած, քան 30 տարի առաջ այս նոյն հրապարակին մէջ հաւաքուածները: Երեք տասնամեակ անց Ստեփանակերտի կեդրոնական, արդէն Վերածնունդի հրապարակին մէջ բազմահազարանոց հանրահաւաքը 30 տարուան ըրածը գնահատելու արժէքը ունի: 88-ի աքթիվիստները յիշողութիւններով եկած են, անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչները՝ ոգեւորութեամբ ու աւագներու գործը շարունակելու պատրաստակամութեամբ: «Երբ Քրիստոսը 30 տարեկան դարձաւ, մկրտուեցաւ: Այսօր մեր Շարժումին մկրտութիւնն է: Կը մկրտուինք ու կ’երդնունք, որ պէտք է շարունակենք մինչեւ յաղթանակ»,- պատուանդանի վրայէն երիտասարդներուն կը դիմէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը: Արցախեան շարժումի աքթիվիստներէն Ժաննա Գալստեանը 1988-ի դասերը կը յիշեցնէ. «88-էն առաջին դասը սա է (ցոյց կու տայ բռունցքը): Պէտք է միասնական ըլլանք: Իսկ ամենակարեւոր դասը մեր ուժերուն ապաւինիլն է, որմէ ետք արդէն յաղթանակները անխուսափելի կը դառնան»:
Անկախութեան սերունդը արդէն համոզուած է անոր՝ զէնքը ձեռքին խրամատներու մէջ պաշտպանելով աւագներու նուաճած անկախութիւնը: 88-ի աքթիվիստներու հետ պատուանդանի վրայ գտնուող Ապրիլեան պատերազմի հերոսներէն Մարատ Պետրոսեանն է՝ Մարտական խաչը կուրծքին ու արդէն սպայական ուսադիրներով. «Պատիւ ունիմ: Սա զինուորականներու ամենապատուաբեր դիմելաձեւն է: Ես պատիւ ունիմ ձեր կողքին ըլլալու, շարունակելու ձեր աւագներու գործը»:
88-ի յաջորդող երեք տասնամեակներու ձեռքբերումները արժեւորած, անոնց մէջ համահայկական ներուժի դերը կարեւորած է Արցախի նախագահը Շարժումին 30-ամեակի առթիւ յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ: «1988-ի ոգին ու պատգամը երեսուն տարի անց կը շարունակեն մեզի համար ուղենիշ հանդիսանալ, եւ մեր հայեացքը ուղղուած է միմիայն դէպի ապագան: Մենք պիտի շարունակենք կերտել եւ կառուցել անկախ ժողովրդավարական ու ընկերվարական երկիր, ալ աւելի ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը: Անկախ պետականութիւնը մեր ամենամեծ արժէքն է, եւ բոլորիս պարտքն է առաւելագոյնը ընել անոր շարունակական զարգացման ու հզօրացման համար: Այսօր ալ միասին կը լուծենք մեծ ու պատասխանատու խնդիրներ: Բոլորս հաստատակամ ենք եւ կարելին կ’ընենք, որպէսզի վաղուան օրը ըլլայ յուսալի, մեր հայրենիքը՝ աւելի հզօր ու բարեկեցիկ»,- ի դէմս Վերածնունդի հրապարակ հաւաքուած հանրահաւաքի հազարաւոր մասնակիցներու՝ ամբողջ հայութեան իր շնորհաւորանքը յայտնած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Շարժումի 30-ամեակին առթիւ տեսաուղերձներ եւս հնչեցին՝ Երեւանէն, Մոսկուայէն, Ուաշինկթընէն, Փարիզէն, Կիպրոսէն: Յաղթանակները պաշտպանողն ու զանոնք նոր հանգրուանի հասցնողը նոր սերունդը պէտք է ըլլայ: Իսկ աւարտին միասնութեան շուրջպարն է: Հայաստանէն ժամանած, ինչպէս նաեւ Արցախի պարախումբերը սկսան պարել, իսկ բոլոր ցանկացողներն ալ անոնց միացան:
Ստեփանակերտ