Շաբաթ Փետրուար 17-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանին:
ՀՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածուն Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց կուսակցութիւններուն, գիտական ու կրթական հաստատութիւններուն եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներ կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքով՝ որպէս ՀՀ նախագահի թեկնածու առաջադրուելու՝ ՀՀԿ-ի առաջարկի առնչութեամբ կայացուցած դրական որոշումին մասին եւ հայցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը։
Ողջունելով Պրն․ Արմէն Սարգսեանի կայացուցած կարեւոր որոշումը՝ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ ան գոհունակութեամբ պիտի ընդունուի թէ´ հայրենի երկրի եւ թէ´ Սփիւռքի մէջ: Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուց, որ անցնող օրերուն զանգուածային լրատուամիջոցներով հետեւած է այդ հանդիպումներուն։ Հայոց Հովուապետը ընդգծեց, որ Արմէն Սարգսեանի անձը քաջածանօթ է հայորդիներուն թէ՛ որպէս պետական գործիչ, որ տարբեր հանգամանքներու տակ երկար տարիներ իր ծառայութիւնը բերած է հայրենիքին եւ թէ՛ իբրեւ բարեգործ ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի բարերար, որուն նախաձեռնած շարք մը հայրենանուէր եւ եկեղեցաշեն իրագործումները կարեւոր ներդրում են մեր ժողովուրդի բարօր կեանքի կերտման գործին մէջ։
Զրոյցի ընթացքին Գարեգին Բ. Հայրապետը եւ տիար Արմէն Սարգսեանը անդրադարձան հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղուած քայլերուն։
Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան եւ Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեան: