Շաբաթ, 17 Փետրուար 2018ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցուոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, Զալքա-Լիբանան, տեղի ունեցաւ «Արուեստը Կեանք է» աշակերտական նկարչութիւններու հաւաքական ցուցահանդէս-վաճառքի բացման արարողութիւնը:
Լիբանանահայ ծանօթ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Ռաֆֆի Ետալեանի նախագահութեամբ բացուած ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի կողմէ, արուեստասէր հանրութեան համար բաց պիտի ըլլայ Կիրակի 18 Փետրուար 2018-ին առաւօտեան ժամը 10:00-էն յետմիջօրէի ժամը 2:00, նաեւ Երկուշաբթի 19 Փետրուար 2018-ին աշակերտներու համար, դպրոցական ժամերուն:
«Արուեստը Կեանք է», աշակերտական ձիրքերը քաջալերող, նկարչութիւններու հաւաքական ցուցահանդէսը հայկական վարժարանի մը համար իրապէս օրինակելի եւ պատուաբեր նախաձեռնութիւն մըն է, որուն մանրամասնութիւններուն շուտով կ՛անդրադառնանք: