Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Վերսկսաւ Սեւակ Պալըքճըի Դատավարութիւնը

Բանակի պարտադիր ծառայութիւնը մատուցած ժամանակ ատելութեան ոճիրի մը զոհ դարձած շարքային Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը կրկին կը կայանայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։

Վերստին դատավարութեան կրկնութեան տեղի տուող գործօնը եղաւ 668 թիւ օրէնքի լիազօր որոշմնագիրի հետեւանքով զինուորական դատարաններու փակուիլը։

Յետադարձ ակնարկով մը յիշենք, թէ Սեւակ Պալըքճը 24 Ապրիլ 2011 թուականին պարտադիր զինուորական ծառայութեան վերջին օրերուն մէկ այլ զինծառայող՝ Քըվանչ Աղաօղլուի հրացանէն արձակուած փամփուշտով մը մահացած էր։ Զինուորական դատարանը այդ սպանութիւնը առկած մը ըլլալով մեկնաբանած եւ բանտարկութեան շրջանն ալ նկատի ունենալով վճիռի հետ միասին ազատ արձակած էր ոճրագործը։

8 Փետրուարին Պաթմանի Քոզլուք գաւառին մէջ կայացող դատավարութեան ներկայ էին զոհուած զինուորի ծնողքը՝ Անի եւ Կարապետ Պալըքճը ամոլը ու իրաւապաշտպան Ճեմ Հալաւուրթ։ Հալաւուրթ, պնդելով, որ ոճիրը դիտումնաւոր էր, պահանջած է, որ դատավարութիւնն ալ կայանայ Եղեռնադատ ատեանի մօտ։ Դատակազմը մերժեց իրաւապաշտպանի այս պահանջը եւ տուեալներու ամբողջացումը պահանջելով յաջորդ նիստի համար ճշդեց 7 Յունիս 2018 թուականը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին