«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Մեր աղբիւրներու փոխանցմամբ` քաղաքական որոշումը արդէն կայացած է: Վարչապետի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 17-ին ԱԺ յատուկ նիստով: Ընթացակարգը նոյնն է, ինչ որ մնացեալ պարագաներուն` առաջադրում, թեկնածուի ծրագրային ելոյթ, հարցեր, մտքերու փոխանակում, ելոյթներ, ֆրակցիաներու տեսակէտներ, ԱԺ ֆրակցիայի նախագահի, ԱԺ նախագահ-փոխնախագահներու արտահերթ ելոյթներ:
«Ի տարբերութիւն ապագայ նախագահի փակ-գաղտնի ընտրութեան, վարչապետի ընտրութիւնը բաց է: Ցուցանակին վրայ նոյն վայրկեանին պիտի երեւայ, թէ ով ի՛նչպէս քուէարկած է: Նաեւ վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ է պարզ մեծամասնութիւն, իսկ նախագահին` ձայներու երեք քառորդ»: