Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Կազմակերպուած է Ցուցահանդէս` Նուիրուած Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին

Արցախի նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէհ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած էր ցուցահանդէս` նուիրուած Արցախեան շարժումի 30-ամեակին:

Ցուցահանդէսին  ներկայացուած էր Արցախի երիտասարդ նկարիչներու տարբեր ժանրերու աւելի քան 40 աշխատանք:

Ըստ «Արցախփրէս»-ին՝  ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկած է Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան` նշելով, որ այս ցուցահանդէսով, փաստօրէն, տրուեցաւ երիտասարդ նկարիչներու  միութեան գործունէութեան մեկնարկը:

«Մենք` աւագ սերունդի նկարիչներս, կ’ուզենք խրախուսել երիտասարդ ստեղծագործողները, որպէսզի անոնք կարենան կայանալ արուեստի աշխարհին մէջ: Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք Արցախի երիտասարդ նկարիչներու միութեան հետ: Չէ՞ որ երկիրը հզօր է նաեւ իր ազգային իւրօրինակ արուեստով, իսկ ատոր կրողը պիտի ըլլան Արցախի տաղանդաշատ հայ նկարիչները»,- մասնաւորապէս ըսած է Հ. Գասպարեան:

Ցուցահանդէսին  ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, նկարիչներ եւ այլք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին