Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Սպիտակ Տունը 2019-ի Համար Միայն 3.24 Միլիոն Տոլարի Տնտեսական Նպաստ Կ’առաջարկէ Հայաստանին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Փետրուար 12-ին հրապարակած է պետական յաջորդ ամավարկի առաջարկը, որ զգալի կրճատումներ կը նախատեսէ միջազգային օգնութեանց մարզին մէջ։

Վկայակոչելով «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը՝ «Tert.am» կը գրէ, թէ առաջարկուած կրճատումներուն մեծ մասը շատ հաւանաբար չիրականայ, ինչպէս պատահեցաւ անցեալ տարի, երբ Քոնկրեսը մերժեց նման փորձ մը։

Սպիտակ տան կողմէ առաջարկուած է 2018-ին Հայաստանին տրամադրել 4 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն, իսկ 2019-ին՝ միայն 3.24 միլիոն տոլարի: Վրաստանի համար 2018-ին 28 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն առաջարկուած է, իսկ 2019-ին՝ 25 միլիոն տոլարի: Նաեւ Ազրպէյճանին ոչ մէկ տնտեսական աջակցութիւն առաջադրուած է 2018-ին, իսկ 2019-ին՝ 3 միլիոն տոլարի օգնութիւն։

2018-ին եւ 2019-ին Հայաստանի ռազմական վերապատրաստութեան համար առաջադրուած գումարը տարեկան 600,000 տոլար է: Նոյնքան գումար առաջարկուած է Ազրպէյճանին համար, իսկ Վրաստանի համար՝ տարեկան 2.2 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւն:

Նաեւ, հակառակ անոր որ 2017-ին ռազմական 1 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրուած էր Հայաստանին, 2018-ի եւ 2019-ի համար ոչինչ առաջարկուած է այդ առնչութեամբ։ Նոյնն է պարագան Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի։

Թմրանիւթերու միջազգային վերահսկողութեան ոլորտին մէջ 2018-ին եւ 2019-ին կը նախատեսուի 1.5 միլիոնական տոլար յատկացնել Հայաստանին, իսկ Վրաստանին՝ 3 միլիոն տոլար: Ազրպէյճանը այս ցանկին վրայ նկատի չէ առնուած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին