Լեռներ ու ձորեր, հինաւուրց վանքեր ու գիւղեր, ժամանակակից քաղաքներ ու հիանալի մարդիկ. այս ամէնը կարելի է տեսնել չճանչցուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ, որ աւելի յայտնի է Լեռնային Ղարաբաղ անունով:
Ներկայացուող ֆիլմը պատրաստուած է անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Լաթվիայի ու Լիթվիայի պլոկըրներու կողմէ: Անոնք Կովկասի այս փոքրիկ անկիւնին մէջ եղած են մէկ շաբաթ, խօսած տարբեր մարդոց հետ ու պատրաստած այս գունեղ ու գեղեցիկ ֆիլմը, կը յայտնէ «panorama.am»-ը:
Ֆիլմը ստեղծողները նպատակ ունին աշխարհին բացայայտել այս վայրը ու անոր զբօսաշրջային ներուժը: Անկախ քաղաքական բոլոր դժուարութիւններէն, այստեղ հազարամեակներ շարունակ կ’ապրին պարզ ու հիւրասէր մարդիկ, որոնք մեծ ուրախութեամբ կ’ընդունին բոլորը, որոնք կը ցանկան բացայայտել Երկրի այս անկիւնը:
Այստեղ զբօսաշրջութեան զարգացման համար վերջին ժամանակներս շատ բան կատարուած է` յարմարաւէտ ճանապարհներ կառուցուած են, իւրաքանչիւրի գրպանին ու ճաշակին համապատասխան հիւրանոցներ բացուած:
Հեղինակները կը նշեն, որ ֆիլմը փոխանցելու բան ունի աշխարհին, ուր կ’ապրին Ազրպէյճանի տարածած կարծրատիպերով ու սարսափելի պատմութիւններով: