Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Մեր Կարեւորագոյն Նպատակը Միջազգային Ճանաչումն է. Աշոտ Ղուլեան

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի կարեւորագոյն նպատակը պետութեան միջազգային ճանաչումն է: Այս մասին, ըստ «NEWS.am»-ին, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան:

Անոր խօսքով, ասիկա կը թելադրէ ընելիքները եւ կը վերաբերի իշխանութեան բոլոր ճիւղերուն առանձին-առանձին եւ միասնական համահաւաք աշխատանքին.

«Մեր օրերուն խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը շատ կարեւոր գործիք է քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար: Յատկապէս վերջին տարիներուն նկատուող աշխուժութիւնը եւ բուռն շփումները ասոր վկայութիւնն են»,-նշած է Աշոտ Ղուլեան` յիշեցնելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը միջխորհրդարանական կապերու զարգացման երկու կարեւոր ուղղութիւն ունի: Առաջինը` Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի միջոցով այլ խորհրդարաններու հետ միջխորհրդարանական կապերն են, իսկ երկրորդը` Արցախի խորհրդարանի ինքնուրոյն գործողութիւններն ու ջանքերն են, որոնք նոյնպէս ուղղուած են այլ երկիրներու խորհրդարաններու եւ առանձին խորհրդարանականներու հետ կապերու աշխուժացման: «Աշխատանքը աւելի աշխուժացած է 2013 թուականին, երբ ձեւաւորուած են առաջին բարեկամական խումբերը»,-աւելցուցած է ան:

Առաջին բարեկամական խումբը Լիթվայի Հանրապետութեան խումբն էր, յաջորդը ձեւաւորուած էր Ֆրանսայի հետ. «Ատոնք այն կարեւոր միջոցներն էին, որով Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանը կրնայ իր ու ժողովուրդի տեսակէտները արտաքին աշխարհին ներկայացնել: Ատիկա մէկ օրուան մէջ չէ եղած, այլ հետեւողական ջանքներու շնորհիւ»,- նշած է ան` յիշեցնելով, որ 2006 թուականէն ի վեր ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ ամէն տարի Արցախին նուիրուած ձեռնարկներ կ’իրականացուին: Ռուսաստանի Դաշնութեան խորհրդարանի հետ, յատկապէս Պետդումայի առանձին պատգամաւորներու եւ այն խումբերու հետ, որոնք աւելի շատ  տեղեկացուած են տարածաշրջանային խնդիրներուն, աշխոյժ աշխատանք կը տարուի: Այս հնարաւորութիւններու ճիշդ օգտագործումը տեսանելի արդիւքներ պիտի ընձեռէ խորհրդարանական կապերու զարգացման համար: Վերջին ժամանակներս մենք նաեւ կը փորձենք գտնել նոր չօգտագործուած աղբիւրներ Հայաստանի խորհրդարանի հետ կապերու աշխուժացման համար: Միայն վերջին 8 ամիսներու ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավար կազմէն բաղկացած պատուիրակութիւնները երկու անգամ արդէն այցելած են Արցախ: Ատիկա մեզի թոյլ կու տայ շատ ճիշդ ձեւով օգտագործել մարդկային եւ մասնագիտական հնարաւորութիւններու դաշտը»,- եզրափակած է Աշոտ Ղուլեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին