*ՃԵՆՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ – ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Տարիներ առաջ, իմ առաջին առանձին ուղեւորութեան ընթացքին, ողորմած Հայրս օդակայանին մէջ ճամբելու ժամանակ, «Զարթօնք»ի այդ օրուան թերթը ինծի տալով, հրամայական եղանակով մը պատուիրեց՝ «պայուսակիդ մէջ չդնես, կը կարդաս եւ ձեռքդ կը բռնես մինչեւ տեղ հասնիս» … սկիզբը ենթադրեցի թէ այդ թերթը բարի բախտի թալիսման մը ըլլալու է, սակայն յետոյ հասկցայ որ ան ինքնութիւնս հաստատող փաստաթուղթ մը պիտի ըլլար օտար միջավայրի մէջ… իր հայատառ անունով ես իմ պատկանելիութիւնս պիտի յայտնէի… եւ տարիներու ընթացքին իր բովանդակութեամբ գաղափարականս պիտի մշակէր եւ հետզհետէ՝ նկարագրիս կարեւոր մէկ մասը պիտի կազմէր: Այդ օրուան հօրս պատուէրը այսօր արդէն սովորութիւն դարձած է… առանց ձեռքս «Զարթօնք» մը ունենալու՝ չեմ ճամբորդեր, վստահ եմ որ ձեզմէ շատերը նոյն այս սովորութիւնը ունին ընկերներ …:
Միջին Արեւելքի համար, «Զարթօնք»ը 80 տարիներ անընդմէջ ոչ միայն հայատառ լրատուամիջոց մը եղած է, այլեւ իր պատմուածքներով, յօդուածներով, խմբագրականներով եւ վերլուծականներով սերունդներ յղկած ու դաստիարակած է, մեր հոգիներուն մէջ հայու ազնիւ կերպարն ու պատկերը նկարած է, հայրենիք կերտած է եւ իւղն ու ձէթը հանդիսացած է մեր սրբազան դատի պահանջատիրական ճրագին:
Արագութեամբ սլացող ներկայ ժամանակներուն համընթաց 80- ամեայ հսկայ ծերունին, երիտասարդացած է՝ շնորհիւ իր ժրաջան, նուիրեալ, շնորհալի, արհեստավարժ ու ժամանակակից գլխաւոր խմբագրին, տնօրինութեան ու աշխատակազմին, եւ արդիական չափանիշներով կը շարունակէ իր ընթերցողին հետ անքակտելի մտերմութիւնը համակարգչի գունաւոր պաստառի միջոցաւ: Ընթերցողներուն քանակը աճի մէջ է միշտ, եւ այսօր արդէն ստուար բանակ կը կազմէ: Խոնարհ աշխատակցութեանս կողքին ու համեստաբար այդ բանակի անդամ մը ըլլալով, օրական կը հետեւիմ, նորութիւններուն կը տեղեկանամ, վերլուծականներն ու յօդուածները հաճոյքով կը կարդամ … հեշտ է, ընդամէնը մի քանի կոճակ կը սեղմես, եւ «Զարթօնք»ը իր ողջ բովանդակութեամբ ու գեղեցիկ հանդերձանքով պաստառիդ վրայ է…, բայց անկեղծ ըսեմ՝ թերթի տպագիր օրինակը ուրիշ է… երբեմն նոյնիսկ կը փնտռեմ ու կը ձգտիմ ունենալ (Երեւան կ՛ապրիմ), որովհետեւ կարդալու ընթացքին, անոր իւրայատուկ թղթի ու մելանի հոտին մէջէն՝ ամբողջ մտաւորական բանակի մը բոյրը կու գայ՝ Վահան Թէքէեան, Գերսամ Ահարոնեան, եւ բազմաթիւ այլ անուններ, որոնք սփիւռքի անցեալը կերտելով՝ ճանապարհ բացած են մեզի դէպի փայլուն ապագայ:
Եւ վերջապէս, երիցս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Զարթօնքի այսօրուան խմբագրական կազմին, որ բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով, սարեր շարժելով, ինքնազոհութեամբ՝ մեզ կը հասցնեն ամենաթարմ ու հաւաստի նորութիւնները, կը մատուցեն լաւն ու առաքինին, սփիւռք-հայրենիք կամուրջը կը վերանորոգեն ու կը զարգացնեն ամէն օր, եւ վառ կը պահեն մեր մէջ հայրենասիրութեան կրակը …