Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Փետրուարին այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով ազգութեամբ հայ եւ ազրպէյճանցի ազատազրկուածներուն:
Ըստ «Արցախփրէս»-ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ԿԽՄԿ առաքելութեան տեղեկատուութեան բաժնի պատասխանատու Էթերի Մուսայելեան ըսած է, որ hամաձայն իր առաքելութեան` ԿԽՄԿ-ն ազատազրկուածներուն կ’այցելէ, որպէսզի անոնց ազատազրկման պայմաններուն եւ վերաբերմունքի դիտարկում իրականացնէ եւ հնարաւորութիւն ընձեռէ կապ ապահովելու ազատազրկուածներուն եւ անոնց հարազատներուն միջեւ:
Նշենք, որ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն մէջ այժմ պաշտօնապէս ազատազրկման մէջէն 5 քաղաքացիներ` ներառեալ 2014 թուականին Արցախի սահմանը ապօրինաբար հատած եւ քրէական շարք մը յանցագործութիւններու համար դատապարտուած Դիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Գուլիեւը: