Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Լրագրողներու եւ Էջատէրերու Միջազգային Խումբը Այցելած է Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Զօրամասեր

Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի, ղարաբաղեան շարժումին 30-րդ տարեդարձին վերաբերեալ յօդուածներ եւ տեղեկատուութիւններ պատրաստելու նպատակով Արցախի մէջ գտնուող լաթվիացի, հունգարացի, ալժիրցի, իտալացի, ռուս եւ ֆրանսացի խումբ մը լրագրողներ ու էջատէրեր Փետրուար 12-ին այցելած են Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր ու զօրամասեր։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիրմետիա»-ն:

Զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրին մէջ լրագրողները ներկայ եղած են բանակի ուսումնական փուլի մեկնարկին նուիրուած հանդիսաւոր հանդիպումին, իսկ առաջնագիծին վրայ՝ անոնք հետաքրքրուած են գործող մարտավարական իրադրութեամբ,  ծանօթացած  զինծառայողներու ընկերա-կենցաղային պայմաններուն ու մարտական հերթապահութեան ընթացքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին