Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Երեւանի Մէջ Նշուած Է Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթին 110-Ամեակը

Յունուար 26-ին  Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի հիւրընկալութեամբ նշուած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի 110 ամեակը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած է «Ժամանակ. 100 տարի» մատենաշարով լոյս տեսած Վահան Թէքէեանի, Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի գիրքերու եւ «Ժամանակ» օրաթերթի կայքէջի յոբելենական շնորհանդէսները:

Շնորհաւորելով օրաթերթի խմբագիր Արա Գօչունեանը եւ ողջ խմբագրակազմը Սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեան ըսած է. «110 տարի առաջ Կ. Պոլսում ժամանակի թելադրանքով սկսեց լոյս տեսնել մի օրաթերթ, որ պիտի անխափան լինէր իր երթի մէջ, կարճ ընթացքում դառնար պոլսահայ համայնքի առօրեայի անբաժան մասն ու ընկերը: Ինչ խօսք, ստեղծման օրուանից «Ժամանակը» դարձաւ ժամանակի շունչը, քայլեց, պատմութիւն ստեղծեց, վաւերագրութիւն դարձաւ եւ՛ ժամանակի մէջ եւ՛ ժամանակից անդին: Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները, որ Պոլսում յայտնի անհատականութիւններ էին, հայ կեանքի, թուրքահայ իրականութեան լաւ գիտակներ, հիմնադրեցին մի թերթ, որը ոչ միայն նկարագրում, ներկայացնում էր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններն ու երեւոյթները, այլեւ ընթերցողին հաղորդակից դարձնում հայ մտաւորականների գրչին ու մտքին»: Անդրադառնալով օրաթերթի ջանքերով հրատարակուած գիրքերուն՝ Հրանուշ Յակոբեան շեշտած է որ դժուար պիտի ըլլար արեւմտահայ գրականութիւնը պատկերացնել առանց այս գիրքերու հեղինակներ Վահան Թէքէեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ Երուխանի:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեան փոխանցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օրհնութեան խօսքը:

Ձեռնարկին բացումը կատարած է ՀԲԸՄ Հայաստանի Ներկայացուցչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան, շեշտելով, որ Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ«Ժամանակ» օրաթերթի միջեւ բարեկամական եւ համագործակցական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին: Ան բարձր գնահատելով մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերը, շնորհակալութիւն յայտնելով գիրքերու խմբագիրներ Սեւան ՏԷյիրմէնճեանին եւ Գրիգոր Պլըտեանին ըսած է. «Ժամանակ»ը ոչ միայն հայ մամուլի բացառիկ երեւոյթներէն է, այլ նաեւ որպէս փոքրամասնութիւններու արտայայտիչը հանդիսացող աշխարհի հնագոյն թերթերէն մէկը: Եզրափակելով իր խօսքը ան ՀԲԸՄ-ի կողմէ «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին յանձնած է յատուկ յուշանուէրը մը եւ ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի շնորհաւորագիրը:

Հրատարակուած 4 գիրքերուն գրականագիտական արժեւորումը կատարած են գրականագէտներ՝ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան (Վահան Թէքէեանի ցիրուցան էջերէն կազմուած «Երկու Դրախտներ»), Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրութեան ֆակուլտետի դեկան Արծրուն Աւագեան (Վահան Թէքէեանի «Կեսարիա»), Երուանդ Տէր-Խաչատրեան (Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջ») և Նառա Սարգսեան (Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ»): Նիստը վարած է Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

Երկրորդ՝ «Դարադարձից ի վեր նոր ձեռքբերումները» նիւթերու նիստին «Ժամանակ» թերթի անցած ուղին բարձր գնահատած են Հանրային ձայնասփիւռի տնօրէն Մարք Գրիգորեան, հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեան եւ հեռատեսիլային վերլուծաբան Գեղամ Մանուկեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Տէր Արարատ քահանայ Պօղոսեանին՝ Վեհափառի Օրհնութեան խօսքը փոխանցելու, Սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին՝ սերտ համագործակցութեան եւ աջակցութեան, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ին՝ ջերմ ընդունելութեան եւհամագործակցութեան համար, Գօչունեան նշած է թէ տպագիր մամուլը այժմ կանգնած է կարգ մըմարտահրաւէրներու առջեւ, իսկ թերթին խմբագրութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ այդ մարտահրաւէրներըյաղթահարելու եւ ժամանակին համընթաց քալելու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին