Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Արամ Մանուկեանի Տունը Մեր Լիազօրութեան Շրջանակէն Դուրս է. Երեւանի Քաղաքապետ

Երեւանի աւագանիի այսօրուան նիստին որոշում կայացուած է Երեւան քաղաքի Արամի ու Նալպանտեան փողոցի հատուածին վրայ տեղադրել Արամ Մանուկեանի յուշարձանը: Ըստ «PanArmenian.net»-իՆ՝ հարցին վերաբերեալ ելոյթ ունեցած է ԵԼՔ խմբակցութեան անդամ Արայիկ Յարութիւնեանը` յորդորելով վերակառուցել Արամ Մանուկեանի տունը: «Գացէ՛ք, տեսէ՛ք` Արամ Մանուկեանի տունը ինչ վիճակի մէջ է, մենք մեր մեծերու յուշարձանը չենք պահեր, բայց պաթոսով նոր յուշարձան կը բանանք, վերակառուցեցէք Արամ Մանուկեանի տունը, կ’ըսէք մեր Առաջին հանրապետութեան վարչապետն է, բայց առաջին հանրապետութիւնը քանդողներու փողոցները ձգեցիք, Միկոյեանի ու Կասեանի փողոցները կը շարունակեն մնալ»,- ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Արձագանգած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը` նշելով, որ Արամ Մանուկեանի տունը քաղաքապետարանի լիազօրութիւններուն մէջ չի մտներ: «Տունը սեփականութիւն է ու քաղաքապետարանը այդտեղ լիազօրութիւն չունի, եթէ մենք նման լիազօրութիւն ունենայինք, համոզուած եղէք, որ կը վերակառուցէինք»,- ըսած է Տարօն Մարգարեան:

Արայիկ Յարութիւնեան նաեւ յայտարարած է, որ Ելք խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանը 2017-ին որոշում կայացուցած էր` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, Հանրապետութեան հրապարակին մօտ` Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ տեղադրել Արամ Մանուկեանի յուշարձան-կոթողը:

Նշենք, որ Արամ Մանուկեանի արձանի նախագիծին` համացանցի վրայ յայտնուած տարբերակը քննադատութիւներու առիթ դարձած է: Որոշ քննադատներ կը պնդեն, որ արձանին համար յարմար տեղ ընտրուած չէ, ոմանք ալ վստահ են, որ արձանին տեսքը չ՝արտացոլեր Արամ Մանուկեանի կերպարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին