Պետական այցով Հայաստան գտնուող Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեց, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Պուլկարիոյ նախագահը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:
Պուլկարիոյ նախագահը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելած էր տիկնոջ հետ: Անոնց կ’ուղեկցէին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Պուլկարիոյ նախագահը տիկնոջ հետ շրջայց կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ:
«Առաջին անգամ այցելելով յուշահամալիր` ես կ’աղօթեմ բոլոր անմեղ հայերուն համար, որոնք զոհ գացին 1915-1922 թուականներու ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կազմակերպուած զանգուածային կոտորածներուն: Ես ցնցուած եմ այն հայերուն ապրած ողբերգութենէն եւ մարդկային տառապանքներէն, որոնք զոհ դարձած են` պաշտպանելով իրենց ազգային համոզումներն ու ժառանգութիւնը: Ինծի խորապէս կ’անհանգստացնէ այն, որ այդ հայերը եւ անոնց ընտանիքները, որոնք պայքարած են ապրելու համար, ստիպուած եղած են հանգրուան գտնել այլ երկիրներու մէջ: Ես հպարտ եմ, որ այդ բարդ ժամանակահատուածին Պուլկարիոյ մէջ հաստատուած եւ զայն իրենց երկրորդ հայրենիք համարող հայերու սերունդները կողք կողքի կ’ապրին իրենց պուլկարացի համաքաղաքացիներուն հետ»,- յուշամատեանին մէջ գրած է Պուլկարիոյ նախագահը:
Ռումեն Ռատեւը այնուհետեւ եղեւնի տնկած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին գտնուող յիշատակի ծառուղիին մէջ: