Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Հայկական Մշակոյթի Օր Պէյրութի Մէջ

Փետրուար 7-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Պէյրութի Երիտասարդ Կանանց Քրիստոնէական ընկերացութեան (YWCA Beirut) համատեղ կազմակերպութեամբ Պէյրութի ԵԿՔԱ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակոյթի օր» խորագրով միջոցառում:

Ներկայացուեցան Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) տիկնանց՝ պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններուն բնորոշ զարդանախշերով ասեղնագործական աշխատանքները, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Անատոլի Աւետեանի կտաւները, «Մայրիկ» ճաշարանի կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտեստները:

Միջոցառման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ԵԿՔԱ նախագահ Ռոլա Էլ Խուրին եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան։ Ս. Մկրտչեան կարեւորեց Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին հայկական հարուստ մշակոյթի ներկայացման անհրաժեշտութիւնը, որ կը ծառայէ Լիբանանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու կապերու ամրապնդման եւ փոխհարստացման։ Դեսպանը ներկաներուն համառօտ ներկայացուց Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի դրուագներ։

Ելոյթներուն յաջորդեցին Հայաստանի մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը եւ լիբանանահայ տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեանի կատարումները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին