Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը հերքէ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնները` իբր հայկական զինուած ուժերու կողմէ Ղազախի հատուածին հայ-ազրպէյճանական սահմանը անցնելու եւ յարձակման ներթափանցման փորձ ձեռնարկելու մասին:
«Միայն Ազրպէյճանցիներու պատկերացումով հայ յարձակողները ճերմակ թիւերով «Ուազ»-ով յարձակման կը դիմէին: Իսկ մեքենան ինչո՞ւ ետեւի կողմէն նկարուած է, կամ եթէ նկատած էք մեքենան, ուրեմն յարձակողները ո՞ւր են»,- գրած է Արծրուն Յովհաննիսեանը դիմատետրի իր էջին։
Ազրպէյճանական «APA» լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է խոցուած «Ուազ»-ի տեսանիւթը, որուն մէջ ակնյայտօրէն կ’երեւի, որ «Ուազ»-ը ո՛չ թէ ՀՀ ՊՆ սեւ համարանիշով է, այլ ունի ճերմակ համարանիշ: