*Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*
Ազդարարի՝ հայ մամուլի առջինեկին ծնունդէն անցած է 300 տարի ու շուրջ քառորդ դար:
Հայ մարդը կրնայ թռիչք տալ իր մտքին՝ երեւակայելու թէ ինչեր իրագործած է, ինչերու սատարած հայ մամուլը իր գոյերթով: Սակայն, այդ երեւակայութեան արդիւնքը, այլապէս հայ մամուլին մասին ըսուածն ու գրուածը աւելի քիչ են քան՝ անոր կատարածը:
Լիբանահայ մամուլը, որ ծնած է համալսարանական կամ որբանոցային միջավայրի մէջ, իր հաշուետոմարին մէջ կը հաշուէ շուրջ 250 անուն հայ թերթ, պարբերական ու տարեգիրք: Ասիկա կը խօսի մամուլի դերին, տեղին, նշանակութեան եւ անոր հաւատացողներու բանակին մասին:
Մամուլը հայելին է զինք պարուրող միջավայրին, իր ժամանակին: Լիարժէք խորրդանիշն է հաւաքական աշխատանքին: Մարդիկ, հաւաքականութեան ըսելիք ունեցող անհատներ, անջատաբար կը հերկեն դաշտ մը թուղթը իրենց գրիչներով, հոն կը ցանեն արգասիքը իրենց մտքին, որ թերթին բովէն անցնելով շատ արագ կը բեղմնաւորուի, ու միառժամանակ ետք իբրեւ բազմատեսակ բերք, տարատեսակ մտածում, մտքի այլաբնոյթ հաց կը մատուցուի այն հաւաքականութեան, որուն հանդէպ յանձնառու կը զգայ, որուն բարօրութեան նախանձախնդրութիւն կը դրսեւորէ գրիչի անհատը:
Մամուլը դրսեւորումն է զինք սնուցանող հաւաքականութեան մտային համակարգին: Մամուլին բովանդակային որակը, առաքելութեան նպատակները, թիրախային հասցէները, արծարծած նիւթերը, ընթերցողներուն աշխարհագրական թէ այլ շերտերը, կը գոյացնեն վերացական ներդաշնակութիւն մը, որ իր արտայայտութիւնը կ’ունենայ հաւաքականութեան մտաւոր ալեկոծումներով, հակադրութիւններով թէ համախոհութիւններով:
Ի դէպ, մամուլը նաեւ մերօրեայ միջազգային զարգացումները խորաչափելու անցեալի մեծ պարտէզ մըն է: Այստեղ, կը մասնաւորեմ խօսքս Զարթօնքին որուն սկիզբը պարտադրուեցաւ արձագանգել ու արտացոլացնել Երկրորդ Համաշխարհայինի գեհէնը: Անկէ ետք ան երգեց հայրենաբաղձ ներգաղթը, մասնակցեցաւ միջկուսակցական եւ եկեղեցական պայքարին, դառնութեամբ արձանագրեց եղբայրասպան կռիւները, 1960ականներուն բանաստեղծեց Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական, ժողովրդական, ազգային ու հոգեմտաւոր վերելքը, անով խայտացուց ու ոգեւորեց զինք ընթերցողները եւ բոլոր անոնք, որոնք երաշխիք կը փնտռէին հայատեւութեան ու թեւեր կու տային հայատեսք վերելք ապրող սփիւռքահայութեան: 1960ականներու վերելքի այս յաղթերգը ակամայ մթագնեցաւ 1975ին ծայր առած Լիբանանի կռիւներով:
Լիբանանահայութեան համար բախտաւորութիւն էր, որ լիբանանեան տագնապի բաւիղի վերջին հանգրուանին լոյս աշխարհ եկան երկու լուսաւոր իրականութիւններ. Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի ազատագրական պայքարը եւ Հայաստանի վերանկախացումը:
Սփիւռքահայ մամուլը ընդհանրապէս անդրադարձաւ վերոյիշեալ նիւթերուն, յաճախ տեղայնական երեւոյթները աւելի շեշտուեցան, եղան տարակարծիք տեսակէտներ, գրուեցան տարաբնոյթ կենցաղային, մարզական, համաշխարհային, մարդկայնական, առողջապահական, խոհանոցային եւ հազարումէկ այլատեսակ նիւթեր, սակայն սփիւռքահայ մամուլի բոլոր էջերէն կարմիր թելի պէս անցաւ ու մնաց Եղեռնը, հայոց դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը:
Մամուլի տողերու հեղինակներուն ենթազգայական շարժառիթները մնացին Եղեռնը եւ անկէ ծնած երազները: Պարտադրուած էր ատիկա. հայութիւնը ցեղասպանուած էր ու մամուլը՝ հայ միտքի հանրային կարեւորագոյն արտայայտչաձեւերէն մին, իբրեւ գիտակցական խմոր յառաջացնող համակարգ, այս առումով լիարժէք կատարեց իր դերը, միշտ սնուցանելով հայ ընթերցողը Եղեռնի հացով…:
Գոհունակութեամբ պէտք է ընդգծել, որ մամուլը այսօր սկսած է նոր բան առաւօտել: Ատիկա հայ իրականութեան քսանհինգամեայ հանրապետութիւնն է: Առայժմ խիպ մը կայ այդ երգասացութեան մէջ, գոհացուցիչ բարձրութեան ու լրջութեան վրայ չէ պետականութեան մասին լրատուութիւնը: Շատ գրիչներ լիարժէք չեն գիտակցիր այդ իրականութիւնը: Բնական է այս մասնակի անգիտութիւնը. որովհետեւ ո՞վ կրնայ գուշակել վտիտ նորածինի մը ապագան. ոմանք բարեմաղթեցին, ոմանք հոգածութիւն ցուցաբերեցին: Եւ եղան մարդիկ, որոնք թերահաւատութեամբ նայեցան վտիտ նորածինին առաջին տարիներուն, այն թաքուն վախով թէ ա՛ս ալ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան նման մեր ու այլոց մեղքով կրնայ կարճակեաց ըլլալ:
Սիրելիներ, հայութիւնը աւելի քան հարիւրամեակէ մը իվեր պարտադրաբար ցեղասպանակիր ժողովուրդ մը ըլլալէ ետք, ահա քսանհինգ տարիներէ իվեր դարձած է նաեւ պետականակիր զանգուած:
Պիտի նախընտրէի պետութենատէր բառը գործածել, ուր պետութեան տիրոջ, պետութեան տիրութեան ենթիմաստը կ’երեւի քան թէ պետականակիր բառը, ուր պետութիւնը կրելու ենթիմաստը կը դրսեւորուի:
Եւ հո՛ս կը տեսնեմ հայ մամուլին քսանմէկերորդ դարուն ապրելու իրաւունքը:
Եթէ հայ մամուլը խոհեմ ու կշռադատուած կարենայ կատարել իր նոր օրակարգին սատարումը, ապա շահած կ’ըլլայ քսանմէկերորդ դարուն ապրելու իր իրաւունքը: Այլապէս, գրեթէ աւելորդ կը դառնայ ան, որովհետեւ այսօր, հայ մամուլին դերը իր հայկականութեան մէջ է միայն, հայկականութեան լայնագոյն իմաստով:
Այլ խօսքով, մամուլը ունի իր դերը ցեղասպանակիր ժողովուրդ մը պետութենատէր ազգի վերածելու, անոր մատուցանելու քաղաքական համապատասխան մշակոյթ, օգնելու որ ան վերափոխուի, դուրս գայ անհատաբար, եսասիրաբար, անձնակեդրոնութեամբ մտածելէ եւ սկսի ամբողջութիւն տեսնել, հաւաքականութիւն ապրիլ. շարունակականութիւնը փնտռել ոչ միայն իր մէջ, կամ իր ընտանիքին ու անմիջական հարազատներուն թէ գործի ասպարէզին մէջ, այլ այդ շարունակականութիւնը խորաչափել պետութենատէրի հանգամանքով:
Մամուլը պարտի օգնել հայուն որ զարգացնէ այլատեսակ գիտակցութիւն, ողջմիտ ազգայնականութիւն, հայկականութիւն ու հանդուրժող եւ ուրիշը ընդունող մարդկայնականութիւն:
Մամուլը պարտի օգնել որ հայը մշակուի այնպէս որ իրադարձութիւնները դիտէ պետական պրիսմակով: Մամու՛լն է որ պիտի լուսարձակի տակ առնէ – տագնապներու դժուարագոյն րոպէներուն իսկ – լուսաւորագոյն կէտերը հայկական իրադարձութիւններուն, դրամագլուխի վերածէ վերջին կաթիլն իսկ գաւաթին ու հաւաստէ որ այդ կաթիլը հեղեղի կը վերածուի՝ եթէ հաւատք ու տեսլական ունենայ ազգը:
Մամուլը պարտի քաղաքականացնել հայութիւնը, որպէսզի սփիւռքահայուն գոյութիւնը չդառնայ ինքնանպատակ, լոկ մարդկային գոյատեւում, այլ դառնայ տեղայնական, հայկական եւ մարդկայնական արդիւնաւէտ եւ փոխշահաւէտ կենսագործունէութիւն:
Մամուլը պատասխանատու ըլլայ իր խօսքին, գիտակցի իր բառին խորիմաստին: Գիրի վերածուող տպագիր խօսքը անփոփոխ քանդակն է թուղթին վրայ, որ մտքի դաշտին մէջ արմատներ կ’արձակէ: Մամուլը պարտի նոր նեկտարով ջրդեղել հայը՝ ներկայի ու գալիքի փորձանաւոր յորձանուտներուն դիմաց:
Սիրելիներ, այսօր բոլորս, համայն մարդկութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի ենթակայ է իր անմիջական միջավայրէն դուրս, իր բնական տեսադաշտէն, լսադաշտէն, քիթի հոտառութեան դաշտէն ու շօշափելիի հնարաւորութենէն շատ հեռուները գտնուող երեւոյթներու: Համաշխարհայնացման այս տարիներուն անխուսափելի է այս ազդեցութիւնը, ուղեղալուացումը, ճաշակի, արժեհամակարգի վերաձեւումը, պետական սահմաններու վըրչուըլ եւ իրական բռնաբարումը ի շահ համաշխարհային տնտեսական մեծ հոսանքներու: Ո՞ւր է հայկականը այս ընդհանուր հոսանքին մէջ, ո՞վ եւ ովքեր պիտի հանրայնացնեն հայկական հաշիւներու եւ շահերու յարմարցուած արժեհամակարգը, ճաշակը, միտքն ու մտածումը, տեսակէտն ու կարծիքը:
Ահա թէ ինչու հայ մամուլն ու հայկական հանրային հաղորդամիջոցներու տպագիր թէ ելեկտրոնային դրսեւորումները հսկայ գործ ունին ընելիք, որ տիտանական է թէ՛ իր մարտահրաւէրին եւ թէ՛ իր առաքելութեան մէջ: Անհաւասար այս պայքարին, այս յորձանուտին մէջ մեր վերափոխուած գոյատեւումը կրնայ իրականանալ եթէ մենք սկսինք գործել իբրեւ պետութենատէր ազգ եւ հայ մամուլին նայիլ իբրեւ փոխկապակցուած, փոխսնուցանող հայկական կարեւոր գործօն ու միջոց: Մամուլը պէտքը ունի նորատեակ հոգածութեան. հայ մամուլին եւ անոր ընկերակիցներուն կորովն ու կարողականութիւնը կը զօրանան այնքան ատեն որ պետութենատէր հայութիւնը կը վերադասաւորէ իր նախապատուութիւններն ու շահերը եւ գիտակից վերաբերում կը ցուցաբերէ հայ մամուլին:
Ութսունամեայ Զարթօնքի անցեալի ու ներկայի մեծ ընտանիքը՝ ընթերցողները, աշխատակիցները, գրողները, խմբագիրները, պատասխանատուները, նուիրատուները, ցրուիչները, գրաշարները, տպագրիչները, անոր կենսագործունէութեան բոլոր մասնակիցները՝ այդ նուիրեալները զգացական քան թէ ձեւաւորուած եւ բանաձեւուած տեսիլքն ունէին սեփական պետութիւն ունենալու, որ այսօր իրականութիւն է այլեւս:
Իսկ արդեօ՞ք կար հայու նշխար ու գիտակցութիւն ունեցող անհատ, որ իր հոգիին ամենանուրբ եւ քիչ այցելուած վայրերուն մէջ չէր գուրգուրար այդ զգացական տեսիլքին վրայ:
Ուստի, ողջոյն՝ տակաւ գիտակցող պետութենատէր հայութեան որ վստահ ենք օրաւուր աւելի պիտի զգայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Աշխատինք, որ հայ մամուլը սատարէ որ այդ զգացումը վերածուի ողջմիտ եւ ապրող գիտակցութեան եւ ցեղասպանակիր հայ ժողովուրդը վերածուի պետութենատէր ազգութեան:
* Արտասանուած «Զարթօնք»ի 80-ամեակի Եզրափակիչ Հանդիսութեան ընթացքին, Պէյրութ 5 Փետրուար 2018, Թէքէեան Կեդրոն