Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

«Սարդարապատէն Արցախ» Խորագիրով Համահայկական Շարադրութեան Եւ Նկարչութեան Մրցոյթ

Յարգելի հայրենակիցներ,

Կը տեղեկացնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած 2018-ի ձեռնարկներու ծրագիրի ծիրէն ներս ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնները եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը կազմակերպեն «Սարդարապատէն Արցախ» խորագիրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցոյթներ` հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու սաներուն համար: Շարադրութիւններու եւ մրցոյթներու ընդունման վերջնաժամկէտն է Փետրուար 28-ը:

Արդիւնքները  պիտի ամփոփուին Մարտի 3-րդ տասնօրեակին: Շարադրութիւններէն պիտի ընտրուին լաւագոյն 20-ը` Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Մրցանակային լաւագոյն շարադրութիւնները եւ նկարները կ’ընդգրկուին նախատեսուող ժողովածուին մէջ:  Յաղթողներուն հետ լուսանկարներու շարք պիտի կատարուի Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ եւ լուսանկարները նոյնպէս պիտի ընդգրկուին ժողովածուին մէջ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մետալներ պիտի յանձնէ յաղթողներուն (հնարաւոր է, որ Մեծ համերգի մը ընթացքին):

Շարադրութիւնները պէտք է ներկայացնել Microsoft word-ով, 12 sylfaen տառաչափով, 2 սմ լուսանցքներով, տողերու միջեւ 1.5 հեռաւորութեամբ, A4 ձեւաչափով, իսկ ծաւալը պէտք չէ գերազանցէ 2.5 էջը:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժին։
Հասցէ` ք. Երեւան 0010, Վ. Սարգսեան 3,  հեռ.` (+37410) 58-56-01 (700), (+37460)-500-830 հեռախօսահամարներով:

Աշխատանքները ուղարկել նաեւ   gitakrtakan.diaspora@gmail.com էլ. փոստին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին