Միացեալ Նահանգներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան Գալիֆորնիոյ ծերակուտական Թետ Լիւ Քոնկրէսի ստորին պալատի նիստի ընթացքին առաջարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծ մշակել` ի պատասխան Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ զօրքերու դէմ թրքական սպառնալիքներուն:
Ըստ թրքական «Olay»-ին` նիստի ընթացքին քննարկուած է սուրիական հարցը, որուն ժամանակ Թուրքիան խստօրէն քննադատուած է Աֆրինի մէջ անոր սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն համար:
Թետ Լիւ ըսած է. «Բոլորս պիտի հասկնանք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է: Ատիկա պատմական իրողութիւն է, եւ միակ պատճառը, որ այդ օրինագիծը չի հաստատուիր, այն է, որ մենք կը ցանկանք պահպանել Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները: Հիմա իսկական պահն է` այդ օրինագիծը հաստատելու եւ Թուրքիոյ ըսելու` հէյ, տե՛ս, եթէ դուն մեր նկատմամբ նման գործողութիւններ կատարես, մենք քեզի այնպիսի բաներ կ’ընենք, որ քեզի բոլորովին հաճելի չէ»: