Սփիւռքահայ մամուլի եւ մանաւանդ ՌԱԿ-ի մամուլի ընտանիքին համար հպարտառիթ օր մըն է այսօր: Եզրափակիչ այս հանդիսութիւնը մէկտեղած է մեզ միասին տօնախմբելու «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակը:
Արդար է մեր ուրախութիւնը եւ տեղին է մեր հպարտութիւնը: Մեր կուսակցութիւնը կրցած է ութ տասնամեակ կանգուն պահել հայ օրաթերթ մը, ատոր միջոցով նախեւառաջ լուր տալ, գաղափարական եւ ազգային-հայրենասիրական ուղղութիւն եւ մտածողութիւն տարածել սերունդէ սերունդ եւ լիբանանահայութիւնը համախումբ պահել նաեւ մամուլի միջոցով:
Դիւրին չէ եղած «Զարթօնք»-ի ճանապարհորդութիւնը: Պատերազմներ, շրջանային տագնապներ, գաղթ, ազգային վերիվայրումներ, ազգային ինքնութեան պահպանութեան մարտահրաւէրներ եւ տնտեսական թէ մարդուժի դժուարութիւններ: Այդ բոլորը մաս կազմած են մեր թերթին տարեգրութեան. «Զարթօնք» անցած է այդ բոլորին բովէն եւ, բնականաբար, ազդուած այդ բոլորէն:
Կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը չէ խանգարած որ «Զարթօնք» դառնայ նաեւ հասարակական լայն զանգուածներու կողմէ սիրուած եւ համակրանք վայելող թերթ մը: Անոր ազգային ուղղութիւնը եղած է առողջ, քաղաքական վարքագիծը՝ չափաւոր եւ հաւասարակշռուած:
Ռամկավար Ազատական նուիրեալներ եւ «Զարթօնք»-ի ամէնօրեայ հրատարակութիւնը իրականացուցած երախտաւորներ այսօր վստահ եմ անդենականէն կը դիտեն մեզ եւ կ’ուրախանան մեզի հետ: Անոնք իրենց գաղափարապաշտութեամբ թէ տեսլականով, քսակով թէ աշխատակցութեամբ, միտքով թէ գրիչով կերտած են այս թերթին հարուստ պատմութիւնը, արժանանալով մեր բիւր յարգանքին եւ երախտագիտութեան: Խօսքս կը վերաբերի «Զարթօնք»-ի անցեալի թէ ներկայի բոլոր ծառայողներուն՝ խմբագրապետ թէ խմբագիր, աշխատակից թէ թղթակից, վարչական պատասխանատու թէ հաշուապահ, գրաշար թէ տպագրիչ, էջադրող թէ համակարգիչի աշխատակից, ցրուիչ թէ գանձիչ:
«Զարթօնք»-ի 80-ամեակը կը նշենք հայ մամուլի առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրներով, ինչպիսին է այլեւս համաշխարհային շատ վտանգաւոր երեւոյթ հանդիսացող տպագիր մամուլի հսկայական պիւտճէն հաւասարակշռելու դժուարութիւնը, հետեւաբար՝ անոր նահանջը: Զայն դիմագրաւելու մեր հաստատակամութիւնը աւելի եւս շեշտուած է այսօր մեր մօտ սակայն: Այս ուղղութեամբ մենք մեր կարելին եւ անկարելին կ՛ընենք մեր թերթը ժամանակակից տեղեկատուական նոր ճարտարարուեստներու եւ համացանցային դարու պահանջներուն պատշաճեցնելու: Մեզի համար այսօր հպարտութիւն է յայտարարելը, որ մինչ հասկնալի պատճառներով տպագիրին տպաքանակը կը պակսի, անոր տարածումն ու ընթերցողներուն թիւը սակայն աւելի է այսօր քան երբեք: Օգտուելով արհեստագիտութեան բարիքներէն, «Զարթօնք» իր ելեկտրոնային թէ համացանցային տարբերակներով ու կայքով մուտք կը գործէ աւելի քան 25,000 հայորդիի տուն, թէ գրասենեակ հայ միտքն ու լուրը օրն ի բուն հասցնելու անոնց:
Մարդկային պատմութեան մէջ, իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի եւ մարտահրաւէրի համար յայտնուած է զայն դիմագրաւելու ատակ մարդը: Մեր պարագային, «Զարթօնք»ի լոյս աշխարհ գալը ու անոր հիմնուելուն յաւելեալ արժէք տալու համար պէտք էր Վահան Թէքէեանը ունենալ, որպէս առաջին խմբագիր ապա Գերսամ Ահարոնեանն էր պէտք ապրելով դիմագրաւել միջ-գաղութային խնդիրներ, պաղ պատերազմ եւ Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակ: Գերսամը նախորդող թէ յաջորդող մեր բոլոր խմբագիրներն ալ եղած են իրենց ժամանակին կարեւոր «խաղացողները»: Այսօր արհեստագիտութեան ժամանակն է: Նոր ժամանակներուն յարմարելու համար կարեւոր էր, որ «Զարթօնք» ունենար անոր «մարդը»: Ահաւասիկ այս պատճառով ալ մեր վաստակաշատ խմբագրապետերու եւ խմբագիրներու երկար հոյլին որպէս յաջորդ, այսօր մենք ունինք գլխաւոր խմբագիր մը, որ ձեռնհասութեամբ կը շարունակէ իր նախորդներուն մեզի ձգած սուրբ աւանդը: «Զարթօնք»-ը ամուր պահպանուեցաւ այն բարձրունքին վրայ, որուն արժանի է: Այս տեսիլքով եւ վճռակամութեամբ է, որ մենք միասին կը քալենք դէպի աւելի եւս փայլուն ապագայ:
Այսօր արդէն իսկ ամուր հիմերու վրայ դրուած է թերթին օրինավիճակը եւ տնօրինութիւնը: Քանի մը տարի առաջ աւելի արհեստավարժ եւ ճիշդ ու ապահով գործելաձեւի մը որդեգրումով, մենք յարմար տեսանք թերթը չպահել անձերու անունով ու սեփականութեամբ, ինչպէս դասականօրէն սովոր էինք ընել: Մենք յարամար տեսանք զայն տեսնել, որպէս հաստատութիւն: Ահա այս պատճառով է, որ «Զարթօնք»-ի սեփականատէրն ու հրատարակիչը դարձուցինք «Շիրակ Ընկերակցութիւն»ը, որուն բաժնետէրերն են Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, որոնք բնականաբար յանձնառու նոյն ոգիով կը շարունակեն ապահովել թերթին յաղթական ընթացքը, անոր ուղեգիծը եւ ազգանուէր առաքելութիւնը ի փառս հայ մամուլին:
Փառք եւ պատիւ հայ մամուլի բոլոր նուիրեալներուն: Թող յաւերժ ապրի «Զարթօնք»ն ու զայն ընթերցող Հայ ժողովուրդը:
Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան եւ մեր հանդէպ ձեր տածած վստահութեան համար: Միասնաբար պիտի քալենք դէպի նոր ամեակներ: