Թոռնիկս` Անուշքան 10 տարեկան է, ֆրանսական դպրոց կ’երթայ: Իր յաճախած դպրոցին մէջ ոեւէ ուրիշ հայ աշակերտ չկայ, առջի օր ուսուցչուհին իր դասարանի աշակերտներուն պարտականութիւն տուած է ոեւէ նիւթ մը ընտրել եւ անոր շուրջ պատմութիւն մը պատրաստել:
Անուշքաիս ընտրութիւնը եղած է ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ներկայացնել: Այս նկարները իր գաղափարներն են: Ասոնց կողքին հայոց այբուբենը եւ «Հայր Մեր»-ը արտասանած ու հայկական տարազով եւ հայկական նուագով հայկական պար պարած է դասարանին մէջ: Երբ տուն մտաւ շատ խանդավառուած պատմեց, որ բոլոր դասարանը ծափահարած են զինք:
Ֆէյսպուքեան այս գրառումովս կ’ուզեմ ըսել, որ հայ պզտիկի մը հայկական կրթութիւնը տունէն կը սկսի եւ հայկական դպրոցները կը շարունակեն, մանաւանդ օտար աշխարհի մէջ:
Հա՛յ ծնողներ, ձեր զաւակները հայկական շունչով դաստիարակեցէք…
Ատրինէ Անդրէասեան – Գաբրիէլեան