Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ութսունամեայ Յանձնառու Առաքելութիւն

«Զարթօնք» Օրաթերթի 80-Ամեակի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Տեղեկատուութեան նախարարութեան 5 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակը:

Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս-Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Գերապայծառ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, ՄԱՀԱԵՄ Նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի ներկայացուցիչ՝ Վերապատուելի Սողոմոմ Քիլաղպեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ Վսեմաշուք Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի տեղեկատուութեան Նախարարի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Անթուան Նաժմ, ՀՀ Հիւպատոս Պրն. Աշոտ Վարդանեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան, ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Վիգէն Չէրչեան, Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ-կառավարիչ Պրն. Յարութիւն Սամուէլեան, նախկին նախարար Պրն. Վրէժ Սապունճեան, նախկին երեսփոխան Տոքթ. Նուրիճան Տէմիրճեան, պաշտօնակից «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ «Արարատ»ի տնօրէնուհի Անի Եփրեմեան, մեծ թիւով հիւրեր, լրագրող պաշտօնակիցներ, «Զարթօնք»ի ընթերցողներ եւ բարեկամներ:


Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի երկարամեայ աշխատակից՝ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, այնուհետեւ անկեղծ խոստովանանքի խօսքեր արտասանեց՝ դրսեւորելով իր յատուկ գուրգուրանքն ու սէրը «Զարթօնք» օրաթերթի նկատմամբ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց Նորին Սրբութեան ներկայացուցիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան:

Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս-Պատրիարքի Ողջոյնի Գիրը ընթերցեց՝ Գերապատիւ Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան:

ՄԱՀԱԵՄ Նախագահ Վերապատուելի՝ Մկրտիչ Գարակէօզեանի Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց՝ Վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան:

Ընկ.հի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան ապա ընթերցեց ստացուած շարք մը ուղերձներ (ուղերձներուն ամբողջութիւնը գտնել այս առիթով հրատարկուած «Զարթօնք»ի յատուկ բացառիկին մէջ): Լիբանանի Տեղեկատուութեան Նախարարի Գնահատանքի Գիրը ընթերցեց Նախարար Մըլհէմ Ռիաշիի ներկայացուցիչ՝ Անթուան Նաժմ:

Ընթերցուեցան ՀՀ Վսեմաշուք Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արցախի Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Սփիւռքի Վսեմափայլ ՆԱխարար Հրանոյշ Յակոբեանի Ողջոյնի Գիրերը:  

 

Ուղերձներու ընթերցումէն ետք ներկաներուն ցուցադրուեցաւ «Աշխարհի Հայկական Կառոյցներ» հաղորդաշարի յատուկ պատրաստած ծրագրի «Զարթօնք»ին նուիրուած տեսերիզէն հատուած մը:

Ապա «Զարթօնք»-ը Համահայկական Լրատուական Համապատկերին մէջ. Մտորումներ Ապագայի Լրատուութեան Մասին» նիւթով հանդէս եկաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն, պատմաբան Արամ Անանեան, ուր ան, խօսքը ուղղելով «Զարթօնք»-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի, նշեց անոր եւ խմբագրակազմին կատարած վեհ ու մեծանշանակ գործը, որոնք մերօրեայ դժուարին պայմաններուն տակ, դիմագրաւելով բազաթիւ մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ, կը յաջողին լոյս ընծայել թերթն ու վառ պահել անոր ճրագը:

Այնուհետւ հանդէս եկան ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբի անդամներ՝ Տօներեան եղբայրները, որոնք ջութակի եւ դաշնամուրի վրայ հրամցուցին երաժշտական գեղեցիկ կտոր մը:

«Պատառիկներ «Զարթօնք»-ի Գրական Միտքի Քննական Դեգերումներէն» նիւթը ներկայացուց Երեւանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի «Սփիւռք» Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան, որ մանրամասն անդրադարձաւ թերթի անցած ուղիին:

Ապա հանդէս եկաւ Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան «Սփիւռքահայ Մամուլը. Լինե՞լ, Թէ Չլինել» նիւթով:

Ներկաները ապրեցան զգացական պահեր, երբ տեսերիզով ներկայացուեցաւ «Զարթօնք»-ի առաջին գրաշարներէն Արժանապատիւ Տէր Մովսէս Աւագ Քահանայ Ղազարեանի յուշերը, ուր ան կը պատմէր հետաքրքրական դրուագներ «Զարթօնք»-ի մէջ իբրեւ գրաշար աշխատած օրերէն:

Ապա խօսք առաւ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, որ ողջունեց բոլոր ներկաներուն եւ համառօտ ներկայացուց «Զարթօնք Բացառիկ»-ը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն հրատարակութեան ինչպէս նաեւ այս ձեռնարկին կազմակերպման:

Սեւակ Յակոբեան, ի միջի այլոց, պատմեց «Զարթօնք»-ի մէջ տարիներ առաջ աշխատած Թալալի շահեկան պատմութիւնը, որ սրտի անկեղծ խօսքը յայտնած էր տեսերիզի միջոցով՝ «Զարթօնք»-ին մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ յարատեւ վերելքներ:

Փակման խօսք ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանինն էր, որ իրեն յատուկ ոճով «Զարթօնք»ի հանդէպ իր միտքերն ու տեսլականը փոխանցեց ներկաներուն:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հոգեշնոր Վարդապետի Պահպանիչով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ օրուայ յատուկ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

Յ.Կ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին