Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Լիբանանի Վերին Մարմինները Կը Քննարկեն Լիբանանեան Եւ Ազգային Հարցեր

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ, Չորեքշաբթի 7 Փետրուար 2018-ին, Ս.Դ.Հ.Կ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի ներկայացուցիչներուն:

Ժողովականները քննարկեցին շարք մը լիբանանեան թղթածրարներ: Անոնք ողջունեցին Պաապտայի մէջ կայացած Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հանդիպումը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բնականոնացնել երկրի քաղաքական վիճակը եւ մեղմացնել լարուածութիւնը:

Քննարկուեցան եւ դատապարտուեցան իսրայէլեան սահմանային ոտնձգութիւններն ու խախտումները՝ սահմանային վիճայարոյց տարածքներու վրայ պատ կառուցելու ծրագիրը եւ լիբանանեան ծովային 9-րդ պլոքի շահագործումին դէմ արձակուած սպառնալիքները:

Ժողովականները արծարծեցին Մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու թղթածրարը, շեշտեցին լիբանանահայութեան միասնականութեան ոգիին պահպանումը եւ կարեւորեցին հանդիպումները բազմացնելու հրամայականը, որպէսզի լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովուի Լիբանանի խորհրդարանին մէջ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հայկական ազգային հարցեր:

Նշենք, որ հիմնուելով ընտրական նոր օրէնքի պարտադրած իրավիճակին վրայ, որուն պատճառով դժբախտաբար կարելի պիտի չըլլայ Հայկական միասնական ցանկով մը մասնակցիլ մօտալուտ ընտրութիւններուն եւ ապահովել անոր ամբողջական յաջողութիւնը, ՌԱԿ նպատակայարմար կը նկատէ, որ միջ-կուսակցական ժողովին մասնակից իւրաքանչիւր կողմ իր դիրքէն եւ ընտրական իր դաշնակիցներուն հետ կազմած ցանկերով ապահովէ վերոյիշեալ նպատակէտը, որն է լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացչութիւնը խորհրդարանին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին