*Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*
Բոլոր տարատնկեալ՝ ուրիշ ժողովուրդներու հայրենիքին մէջ, եւ անոնց գանկերուն վրայ տնկուած պետութիւնները, ինչպէս Թուրքիան, ԱՄՆ-ը եւ Իսրայէլը ունին ինքնութեան սուր տագնապ մը։ Այս խճանկարային նշմարը կը կեդրոնանայ Թուրքիոյ ինքնութեան տագնապին վրայ։
Ք. Մարքս Եւ Ֆ. Էնկելս
Իրենց ամբողջական ԵՐԿԵՐուն 9-րդ հատորին, 6-րդ էջին վրայ կը գրեն. «Օսմանեան Կայսրութիւնը կը նմանի ժողովուրդներու մռայլ բանտի մը, տարբաղադրուած դիակի մը, որ թշնամական է ամէն յառաջդիմութեան հանդէպ։ Թուրք կառավարութեան կողմէ քաղաքակրթութեան առաջնորդող բոլոր փորձերը ենթարկուեցան թշուառական տապալումի»։ Այլ խօսքով՝ Թուրքիա մնաց բարբարոսութեան հանգրուանին վրայ…։
Սամուէլ Հանթինկթըն
Իր “The Clash of Civilizations and the Remaking of World Order” խորագրեալ գիրքին մէջ Թուրքիան բնութագրած է որպէս “torn country” (պատառոտած երկիր), իր բնակչութեան միատարր չըլլալուն հետեւանքով եւ տիրող թուրքերուն բնիկ չըլլալուն պատճառով։
Թաներ Աքչամ
Իր վերջին հրապարակագրութեան մէջ գրեց հետեւեալը. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ ինքնութեան կառոյցը ոչնչացնող պատմական փաստ է։ Անմիատարր Թուրքիոյ մէջ հասարակական խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ, եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մերժեն առերեսուիլ սեփական պատմութեան հետ եւ չուզեն հիմնել դեմոկրատական եւ մարդու իրաւունքները յարգող համակարգ մը»։
Սուլթան Էրտողան
Իր նոր-օսմանական օրակարգով երկփեղկում մը ստեղծեց նոյնիսկ բուն թուրքերու ինքնութեան մէջ։ Այսօր բուն թուրքերը կը տատանին երկու ինքնութիւններու միջեւ՝ ապակրօն, եւրոպական, քեմալական թրքութիւն եւ իսլամական, օսմանական, էրտողանական, կայսերական, փանթուրքական ինքնութիւն։
Այս երկրորդ օսմանական փանթուրքական ինքնութիւնը վերջերս դրսեւորուեցաւ հետեւեալ արարքով.
Ամբողջութեամբ քրտական ազգաբնակչութեամբ Չելթիքպաշը գիւղին (Քուրթուլան գաւառին) բոլոր բնակիչները ձերբակալուեցան հաւաքականօրէն։ Ասիկա նոր-օսմանական, էրտողանական, փան-թուրքական Թուրքիոյ նորագոյն ցեղասպանութիւնն է՝ համաձայն Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման ու Պատժումին Միջազգային Պայմանակցութեան տրամադրութիւններուն (1948)։ Այսինքն՝ հաւաքականութեան մը նոյնիսկ մէկ խումբին դէմ գործադրուած հալածանքը համազօր է ցեղասպանութեան ոճիրի…։
Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւանց Պայմանակցութիւնը
2007 թուին կնքուած այս պայմանակցութեան կիրարկութեան գլխաւոր դաշտերէն մէկն է տարատնկեալ Թուրքիան, որուն ամենահին բնիկ ժողովուրդն է Հայ ժողովուրդը։ Եւ հայ բանաստեղծը գրեց.
Ես հայ եմ՝ հի՜ն, ինչպէս լեառն այս Արարատի,
Թաց են ոտքերս դեռ Ջրհեղեղի ջրից.
Իմ սուրբ հողն է տեսել Նոյն առաջին անգամ,
Բաբելոնեան Բէլը՝ խորտակուել է իմ սրից…։
Իսկ Թուրքիոյ բուն թուրքերը բնիկներն են Կեդրոնական Ասիոյ, ոչ Փոքր Ասիոյ, եւ անոնց երկու փեղկերէն Էրտողանականները թող վերադառնան Կեդրոնական Ասիա…։ Քեմալական փեղկի թուրքերը կրնան մնալ Փոքր Ասիոյ մէջ, եթէ անոր բնիկ ժողովուրդներուն հետ համախորհուրդ կազմեն Փոքր Ասիոյ Բնիկ Ժողովուրդներու Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Համադաշնակցութիւն։
Էրնեստօ Չէ Կեվարա
1965-ին Լատին Ամերիկայի ժողովուրդներու ազգային եւ ընկերային ազատագրութեան համար նահատակուած Քոմանտանթէն՝ Չէ Կեվարա, Հաւանայի մէջ, երբ ներկայ եղած է հոն այցելած Արամ Խաչատրեանի «Սպարտակ» պալէի ներկայացման, ջերմօրէն շնորհաւորած է հայ մեծ երաժշտագէտը, եւ ապա մամլոյ ներկայացուցիչներուն յայտարարած է հետեւեալը. «Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը անմահ է. ան իր մէջ կը կրէ Հայ ժողովուրդի ոգին», եւ կը շեշտէ. «Հայ ժողովուրդի ՊԱՅՔԱՐԻ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ»…։
Սովետ Միութեան անդամ Հայկական ՍՍՀ-ի օրերուն երբ Անաստաս Միկոյեան ալ նախագահն էր Սովետ Միութեան Գերագոյն Սովետին, նահատակ Քոմանտանթէի այս գնահատականները՝ Խաչատրեանի երաժշտութեան անմահութեան եւ հոն դրսեւորուող Հայ Ժողովուրդի Պայքարի եւ Յաղթանակի Ոգիին մասին, վերջերս կարդացի լիբանանահայ մամուլին մէջ եւ ցաւատանջ միեւնոյն հարցումը ցցուեցաւ միտքիս մէջ։ Այս օրերուն, Արեւելահայաստանի նոր-ազատական, վայրի դրամատիրական համակարգին տակ նօսրացող եւ անտարբերացող ժողովուրդի զանգուածին մէջ կը տիրէ՞ արդեօք պայքարի եւ յաղթանակի ոգին։ Պատասխանը գտայ՝ Հ1 կայանի կազմակերպած հարցախոյզին մէջ։
Հ1 կայանը 100,000 քաղաքացիներէ պահանջած է յիշել իրենց ծանօթ հայ ականաւոր դէմքերու անունները։ Անոնցմէ միայն 26 հազարը յիշած են՝ Վարդան Մամիկոնեանը, միայն 8 հազարը՝ Տիգրան Մեծը, միայն 4 հազարը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, միայն 3 հազարը՝ Եղիշէ Չարենցը, միայն 2 հազարը՝ Գրիգոր Նարեկացին, միայն 1 հազարը՝ Արամ Խաչատրեանը… եւ յիշատակելի ձայներ չեն առած Զօր. Անդրանիկն ու Խրիմեան Հայրիկը… եւ ոչ մէկ ձայն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը։
Այս անդունդային անկումը լախտի հարուածով անշարժացուց ուղեղս…։ Այս խոր վիրապին իջած եւ նուաստացած ժողովուրդ մը չի կրնար ունենալ հայրենիքի պաշտպանութեան պայքարի եւ յաղթանակի ոգին…։
Հ1 կայանի հարցախոյզին այս ահազանգային արդիւնքին լոյսին տակ կարելի՞ է հաւատալ, թէ իր ժողովուրդի ազգային ու հոգեմտաւոր մշակոյթին մասին բաւարար ծանօթութիւն չունեցող ժողովուրդ մը կրնայ սիրել իր ժողովուրդն ու հայրենիքը եւ անոնց ազատութեան ու բարօրութեան համար ցուցաբերել պայքարի եւ յաղթանակի ոգին, մասնաւորաբար համակարգի մը մէջ, ուր ժողովրդասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը զոհուած են դրամասիրութեան եւ անհատական, ոչ համայնական շահին։ Որովհետեւ իրաւ սիրոյ, իրաւ յանձնառութեան նախապայմանն է ծանօթանալը, գիտնալը, ճանչնալը…։ Եւ ուրեմն Արեւելահայաստանի նոր-ազատական, վայրի դրամատիրական համակարգին իշխանաւորները բաւարար չափով ծանօթ չեն հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր մշակոյթի պատմութեան եւ իբր հետեւանք այս անգիտութեան, անոնք կրցան միայն կառուցել ԴՐԱՄի յուշարձան Երեւանի սիրտին վրայ, քանի որ սոսկ մենաշնորհեալ դրամատէրեր են, ոչ ժողովրդասէր, ոչ հայրենասէր, այլ լոկ դրամասէր օլիգարխներ։ Ասոնք չունին պայքարի եւ յաղթանակի ոգին։ Հրամայականն է՝ Արեւելահայաստանի ազատագրումը այս համակարգէն։