Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Առիթով Մայր Տաճարին Մէջ Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ

Փետրուար 6-ին Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնին առիթով հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ:

Տօնի առիթով Մայր Աթոռին մէջ համախմբուած էին թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ եւ տարբեր թեմերու ու կառոյցներու մէջ սպասաւորող 236 քահանաներ:

Պատարագիչն էր ՀՀ Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդութեան սպասաւոր, գնդերէց Արժանապատիւ Տ. Սիմէօն քահանայ Մովսիսեանը:

Ս. Պատարագի ընթացքին Տ. Սիմէօն քահանան անդրադարձաւ Ս. Ղեւոնդեանց տօնի խորհուրդի եւ նշանակութեան` ի մասնաւորի նշելով. «Հարիւրամեակներ առաջ մեր սուրբ նախնիներուն գործած սխրանքը, ինչպէս պատմութեան ամբողջ ընթացքին, նոյնպէս եւ այսօր կը նորոգէ մեր ուխտը Տիրոջ Սուրբ Մարմնի՝ Սուրբ Եկեղեցիի ծառայութեան ճամբուն վրայ: Սուրբ Ղեւոնդեանց քաջութիւնը այսօր նաեւ հրաւէր է` զօրացնելու մեզ ժառանգուած փոքր ածուն՝ մեր հայրենիքը եւ ամրացնելու Աստուծոյ հանդէպ մեր ժողովուրդի նուիրական հաւատքը՝ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց օրինակով: Անոնց հոգիներուն մէջ Տիրոջ հանդէպ բորբոքուած սէրն էր, որ եկաւ քաջութիւն աւելցնելու մեր ամբողջ ժողովուրդի ազատասէր ոգիին, յաղթեց վախը, արհամարհեց մահը, մէկ բռունցք դարձուց բովանդակ հայութեան, անկարելին դարձուց կարելի, կասեցուց արիւնարբու եւ զօրեղ թշնամիի ազգակործան նպատակը եւ սերունդներուն վերադարձուց ազատ ու արժանապատիւ ապրելու սրբազան իր իրաւունքը:

Աւարայրի դաշտին վրայ մեր սուրբ նախնիներու սրտերուն մէջ կը սխրագործէր իրենց բորբոքուած սէրը Կենարարի հանդէպ: Անոնցմէ ամէն մէկուն մտքին մէջ կը հնչէր եւ կեանքի կը կոչուէր աստուածատուր պատուիրանը. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածը ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ ու քու ամբողջ մտքովդ: … Պիտի սիրես քու ընկերոջդ, ինչպէս քու անձդ» (Մատթ. ԻԲ 37-40):

Ահա ասիկա էր Սուրբ Ղեւոնդեանց քաջարի հոգեւորականներու հերոսական կեանքի եւ նահատակութեան սերմը եւ քրիստոնեայի՝ դէպի երկինք տանող ուղիի հիմնական ուղենիշը: Միայն իր «հոգիին մէջ բորբոքուած Կենարարի սիրոյ հուրը» ունեցող քրիստոնեան կրնար չվախնալ իր մարմինը սպաննողներէն եւ գիտնալով հանդերձ պատերազմիլ «մահ իմացեալ` անմահութիւն» տեսիլքով ու հաւատքով»:

Տէր Հայրը ընդգծեց նաեւ, որ Սուրբ Ղեւոնդեանք եւ անոնց արժանաւոր յաջորդները՝ Հայոց Եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետներն ու եռամեծ վարդապետները, երանելի քահանաներն ու իմաստասէր սարկաւագները հոգեւոր ու ազգային շահը միշտ վեր դասած են ամէն տեսակ անձնական ցանկութիւններէ եւ հաւատքի պահպանման ու ազգային սրբութիւններու համար վայրկեան իսկ չեն վարանած զոհաբերելու իրենց կեանքը:

Խօսելով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ անմոռանալի մնացած Ղեւոնդեանց քաջութեան եւ սխրագործութեան մասին՝ Տէր Սիմէօնը ըսաւ. «Ուղիղ հարիւր տարի առաջ բանաստեղծի խօսքերով՝ Աւարայրէն ջանք առած մեր նախնիները գրեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան հերոսական էջերէն մէկը՝ մայիսեան հերոսամարտերը: Աւարայրէն ու Սարդարապատէն ջանք առած մեր հայրերն ու աւագ եղբայրները ազատագրեցին նաեւ Արցախ աշխարհը: Իսկ այսօր ամէն վայրկեան անդադար Հայոց սահմաններուն կանգնած զինուորի, սպայի ու գնդերէցի հոգիներուն մէջ կը թեւածէ Աւարայրի, Սարդարապատի ոգին: Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց սուրբերու հոգիներուն մէջ բորբոքուած սիրոյ հուրը այսօր ալ արթուն կը պահէ ամէնքս ու անպարտելի կը դարձնէ…»:

Պատարագիչ քահանան անդրադարձաւ նաեւ ազգային ինքնութեան ու հաւատքին սպառնացող արդի մարտահրաւէրներուն: «Նիւթապաշտութեան, անտարբերութեան, անարդարութեան չաստուածները երբեմն սիրելի կը դառնան մեր որոշ քոյրերու եւ եղբայրներու համար: Այսօր մեր հայրենիքի սահմաններուն հասած կրօնական կասկածելի հոսանքները, ազատութեան մասին խեղաթիւրուած մեկնաբանութիւնները, պատկերասփիւռէն ու տարբեր ձեւերով քարոզուող քրիստոնէական ընտանիքի մասին աղաւաղուած պատկերացումները, օտարոտի ենթամշակոյթներու եւ կեղծ արուեստի քարոզչութիւնը շատ չեն տարբերիր եւ երբեմն աւելի վտանգաւոր են հին հազկերտներէն ու իր զօրքէն: Ահա այդ մարտահրաւէրներուն առջեւ է, որ դարձեալ նորօրեայ Ղեւոնդներն ու Վարդանները կանգնած են՝ Աւետարանի լոյսով լուսաւորելու մեր ժողովուրդը, մեր նախնիներու սուրբ պատգամներով զօրացնելու հաւատքն ու նուիրումը երիտասարդ մեր զաւակներուն, կենդանի աղը դառնալու հոգեւոր կեանքի եւ միայն այդպէս արժանանալու Ղեւոնդեանց յետնորդները ըլլալու բարձր ու երանելի պատիւին՝ պարզ ճակատով կանգնելով Տիրոջ ատեանին առջեւ»,- նշեց Տէր Հայրը:

Պատարագիչը յորդորեց իր հոգեւոր եղբայրներուն ապրիլ եւ գործել Ս. Ղեւոնդեանց ուղենշած ճամբով ու սխրանքով, ապագայ սերունդներուն համար հարթել քաջութեան, զոհաբերութեան, սիրոյ ու նուիրումի նորանոր ուղիներ:

Աւարտին, Սիմէօն քահանան Հայոց Եկեղեցւոյ քահանայից դասի անունէն տօնի առիթով շնորհաւորեց Հայոց Հովուապետին` հայցելով Ս. Ղեւոնդեանց բարեխօսութիւնը իւրաքանչիւր հայ հոգեւորականի ուխտեալ ծառայութեան համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին