*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»–ի Երէց Աշխատակից
«Ծնւում են մեծ բայց չեն թողնում որ դառնան մեծ»
Պ. Ս.
Ժողովուրդի մը, ինչպէս նաեւ անհատին կեանքին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի նկարագրի կազմութիւնը։ Նկարագիրով է, որ մարդիկ կը հասնին բարձր վերելքներու ե՛ւ արուեստի, ե՛ւ գիտութեան ու տնտեսութեան բնագաւառներէն ներս։ Եւ նոյնպէս պատերազմի դաշտին վրայ նկարագիրով է, որ կը նուաճեն յաղթանակները։
Նկարագիրը իր ամբողջական իսկական իմաստով կը նշանակէ` բարոյական առաքինութիւններուն մշակումը անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս։ Ազգին համար պատրաստելու ոչ թէ անհատներ, այլ անձնաւորութիւններ։
Անհատը եւ հաւաքական կեանքը առնչուած են իրարու հետ, զիրար լրացնող մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, մէկը միւսով կ’արժեւորուի։
Այս մեկնակէտէն ելլելով՝ յայտնի մտածողներ ու ընկերաբաններ շեշտը դրին անհատին վրայ՝ անոր մէջ զարգացնելու անձնաւորութեան գաղափարը։
Այս առումով, նկարագիրը այն միջոցն է, զոր մարդուն կ’առաջնորդէ դէպի անձնաւորութիւն՝ իր մէջ արթնցնելով մարդկային ազնիւ զգացումներ։ Բարոյական նկարագրի մը յատկանիշներն են ուժեղ կամք, իրատեսութիւն եւ դատողութիւն։
Հաւաքական անձնաւորութեան գիտակցութենէն կը բխի ազգային կարգապահութիւնը եւ ազգայնականութիւնը։
Ազգայնականութիւնը քաղաքական առումով կը նշանակէ պետութեան կազմակերպումը՝ համաձայն ազգի անձնաւորութեան ու նկարագրին։ Այսինքն՝ պետական ձեւը սերտօրէն կապուած է ազգին առանձնայատկութիւններուն ու հոգիին հետ։
Քաղաքակիրթ ազգեր ու ժողովուրդներ, իւրացնելով ընկերաբաններու հասարակական ու քաղաքական գործիչներուն տեսութիւններն ու առաջադրած գաղափարները, կրցան հասնիլ բնական ազգայնականութեան մը, ստեղծել իրենց սեփական ազգային-հաւաքական կեանքը։ Այդպիսով անոնք յաջողեցան իրականացնել ու պահպանել իրենց հոգիին ամբողջականութիւնը, որ նախապայման է կառուցելու հզօր պետութիւն։
Հայ ժողովուրդին նկարագիրը ուսումնասիրող տեսաբաններ բարձր գնահատած են հայուն մտաւոր կարողութիւնները, գոյատեւելու կամքն ու ձեռներէց ոգին։
Ճշմարտութիւն մը, որ բնորոշիչ յատկութիւններն են հայոց ազգին։
Ո՞վ չի գիտեր, թէ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդին աննկուն կամքն ու անօրինակ հերոսութեան խոյանքները ոգեշնչած են ազատատենչ հայորդիներու բազում սերունդներ։
Սակայն կայ նաեւ ուրիշ ճշմարտութիւն մը, որուն չենք փորձած անդրադառնալ։ Օտարը աւելի լաւ կրցած է մեզ ճանչնալ։ Ֆրիտեոֆ Նանսէնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ հայ ժողովուրդին դժբախտութիւններուն հիմնական պատճառը օտարին ցուցաբերած նուիրական ծառայութիւնն է,-«Հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը օտարին անմնացորդ նուիրումով ծառայելու մէջ է»։
Դարեր շարունակ հայ ազգի տիրակալներու վճիռներէն եւ գործելակերպէն կախուած էր Բիւզանդական կայսրութեան ճակատագիրը։ Բիւզանդիոնի հայ ազգի կայսրերը չկրցան օգտակար հանդիսանալ իրենց հայրենիքին։ Որովհետեւ անոնք կը գործէին ոչ որպէս հայեր, այլ որպէս բիւզանդացիներ։
Նանսէն կ’ընդգծէ այն իրողութիւնը, թէ մեծ տէրութիւններու հայ տիրակալներն ու ակնառու քաղաքական ու մշակութային գործիչներ չեն փորձած օգնել իրենց սեփական երկրին, չեն կրցած պահպանել Հայաստանի քաղաքական անկախութիւնը, որովհետեւ անոնք բաւարարուած էին հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան գաղափարով, միշտ համախմբուած մնացին իրենց եկեղեցիին շուրջը։
Ահա թէ ինչու «հայերը չկրցան հասնիլ այն ճշմարիտ, համընդհանուր հայրենասիրութեան, որուն դիմաց կ’ընկրկէին բոլոր մնացած գործօնները, որ պիտի ըլլար ազատութեան ու քաղաքական միասնութեան նախապայման»,- կ’ըսէ Նանսէն։
Ե՞րբ մենք՝ հայերս, քաջութիւնը պիտի ունենանք ընդունելու մեր թերութիւնները, հայ կեանքի տխուր եղելութիւններուն պատճառները փնտռելու մեր մէջ։
Այս առնչութեամբ յիշենք հայ ժողովուրդի ողբերգական իրադարձութիւններուն ժամանակակից, հայութեան ցաւերով տառապող, իր ժողովուրդին ողբերգուն դարձած Թումանեանի հետեւեալ տողերը։- «Խորապէս ցաւելով պէտք է խոստովանինք, որ մեր ժողովուրդի մէջ սաստիկ զարգացած են վրէժխնդրութեան զգացումը եւ մեր մարդը վրէժ առնելու համար յաճախ կանգ չի առնում ոչ մի միջոցի առջեւ։ Եւ աւելի եւս զզուելին այն է, որ նա սիրում է իր վրէժը լուծել ու հարուածը տալ ուրիշի ձեռքով՝ ինքը միշտ մութի մէջ։ Այս յատկութիւնը շատ ոճիրների պատճառ դարձաւ։ Երբ թշնամի մարդիկ իրենց ձեռքին գործիք էին դարձնում այս կամ այն կազմակերպութեան մարդկանց ու «գաղափարի» անունով իրենց հաշիւները մաքրում ամենայն անգթութեամբ»։
Պարոյր Սեւակն էր, որ խոր ցաւով աշխարհին կը յայտարարէր.-
«Հարիւր տարին մէկ են ծնւում, մեծութիւններն այս աշխարհի,
բայց ամէն օր հարիւր մեծ է գալիս աշխարհ,
ծնւում են մեծ բայց չեն թողնում որ դառնան մեծ»։
Երբ մտաւոր ու հասարակական կեանքէն ներս հայ զանգուածներ յամառօրէն կը սնուցանէին անհեթեթ վարկածներ ու վրիպած առասպելներ, իրենց քարացած ու վիրաւորիչ վճիռներով նսեմացնելու հայութեան իսկական արժէքները։
Եւ տակաւին ի՛նչպէս բացատրել՝ քաղաքացիական կրթութեան պակասէն եւ հանդուրժանքի անգոյութենէն մեր ազգային կեանքէն ներս այս հիւանդութիւնը կը վերածուի անբուժելի համաճարակի մը։ Սեւակին խօսքերը չկորսնցուցին իրենց իմաստը։
Մեր ազգային կեանքի մտահոգիչ երեւոյթներուն մասին շատեր կը գրեն, բայց համարեա ոչ ոք կը փորձէ բացատրել այդ թերութիւնները նպաստող ու քաջալերող պատճառներուն մասին։ Թէ ինչի հետեւանք է, ինչ պէտք է ընել այդ վիճակէն դուրս գալու համար։
Դժբախտաբար որքան ալ գրենք այդ երեւոյթներուն մասին հաւատամքով ու ազգային ոգիով, ոչինչ կը փոխէ իրականութենէն եւ ժխտական ընդունելութիւն կը գտնէ։
Մեր ժողովուրդին ամէնէն կենսական հարցը կը կայանայ պարզ հաստատումի մը մէջ՝ ի՞նչ հանգրուանի հասած ենք մենք՝ որպէս ազգ եւ ժողովուրդ։
Որքանո՞վ կրցած ենք իրականացնել մեր նպատակներուն հասնելու անհրաժեշտ պայմանները, իբրեւ մեկնակէտ ճանչնալ հիմնական իրողութիւններ, իբրեւ խարիսխ որդեգրել բացարձակ ճշմարտութիւններ, որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն կերտելու մեր ազգին յառաջընթացը։
Ո՞րն է այն հաստատուն խարիսխը, որուն վրայ պէտք է յենի մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքը։
Յայտնի իրողութիւն է, թէ մարդը զինք շրջապատող հանգամանքներու արդիւնք է։ Առանց հանգամանքները փոխելու մարդը չի կրնար վերափոխուիլ։ Եթէ հետեւինք մարդու անհատականութեան պատմութեան պիտի տեսնենք, թէ մարդը փոխուեր ու զարգացեր է ոչ թէ իր ցանկութեամբ, այլ որովհետեւ վերափոխուած են զինք շրջապատող հանգամանքները։
Ուրեմն ինչո՞ւ չհետեւինք քաղաքակիրթ ազգերու անցած ուղիին՝ զարգացնելով մեր ազգային նկարագիրը։ Նկարագիր, որ պիտի նպաստէ ճնշուածի ու խեղճի բարդոյթին փոխարէն ձեռք բերել յաղթողի եւ ուժեղի հոգեբանութիւնը, պիտի արթնցնէ մարդկային արժանապատուութեան ու ազգային հպարտութեան զգացումը։
Այսպիսով կարելի է ամրապնդել ազգային հոգեբանութեան նոր որակ, որ կրնայ դաստիարակել նաեւ յաջորդ սերունդները։
Եւ քանի որ փաստուած իրողութիւն է, թէ յաղթանակները կարելի է նուաճել նկարագիրով, խոր համոզումը ունինք, որ հայ ժողովուրդը պիտի գտնէ իր սեպհական նկարագիրը՝ դառնալու հզօր ազգ, կերտելու հզօր Հայաստան։
Հալէպ