Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

ՀՀ ԱԺ-ն Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Տասը Միլիոն Դրամ Նուիրաբերած է

Արցախի Հանրապետութիւն այցի ծիրէն ներս ՀՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը հանդիպած է ԱՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ:

ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը Լեւոն Մնացականեանին փոխանցած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներու եւ աշխատակազմի կողմէ ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրուող տասը միլիոն դրամի հաւաստագիրը: Վահրամ Պաղտասարեան նշած է, որ Ազգային ժողովը իր աշխատակազմով` տնտեսական աշխատակիցէն մինչեւ ՀՀ ԱԺ նախագահ, իրենց ներդրումը ունեցած են այս հարցով։

Արցախի ՊԲ հրամանատարը, շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատուութեան համար, նշած է, որ գումարը պիտի ուղղուի Պաշտպանութեան բանակի եւ զինծառայողներու առաջնային խնդիրներու լուծման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին