Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Հայ Համայքնի Ներկայացուցիչները Գահիրէի ՄԷջ Մասնակցեցան Հայաստանին Նուիրուած Երեկոյին

Յունուար 29-ին Գահիրէի «Քոսմոփոլիթ» միջազգային ակումբը կազմակերպած էր Հայաստանին նուիրուած յատուկ երեկոյ մը, որուն ներկայ էին ակումբի անդամներ, Եգիպտոսի հասարակական եւ գործարար շրջանակներու, Գահիրէի հայ համայքնի ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ:

Հայաստանին նուիրուած հանգամանալից ելոյթով հանդէս եկաւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ ներկայացուց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անցած ուղին, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերութիւնները, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումային հնարաւորութիւնները, մշակութային առանձնայատկութիւնները, երկրի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնն ու հայկական Սփիւռքի դերակատարութիւնը:

Դեսպան Մելքոնեան նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերուն ու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացքին:

Հանդիպման աւարտին դեսպան Մելքոնեան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

Երեկոյին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի մասին պատմող շարժապատկերի մը ցուցադրութիւնը եւ հայկական երաժշտութեան համերգը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին