Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

ՌԱԿ Յունաստանի Նորակազմ Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումները Յունահայ Հաստատութիւններու Պատասխանատուներուն Հետ

Հ.Յ.ԴՅունաստանի  Կեդրոնան Կոմիտէի Հետ

          Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2018-ին նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ Ռ․Ա․Կ․ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Հ․Յ․Դ․ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին վերջինիս Աթէնքի գրասենեակին մէջ։

          Նկատի ունենալով վերջերս ընտրուած Ռ․Ա․Կ․-ի վարչական կազմը՝ հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր։

          Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ բարի գալստեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ եղան, մասնաւորաբար Ռ․Ա․Կ․ի նորընտիր Շրջ․ Վարչութեան գործունէութեան ստեղծման եւ ամրապնդման շրջագիծէն ներս՝ ի խնդիր յունահայ գաղութի հարցերու դիմագրաւման յաջողութեան։

          Իր կարգին, Ռ․Ա․Կ․ի Շրջանային Վարչութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հանդիպման եւ ընդունելութեան համար։

          Սիրալիր եւ փոխադարձ ըմբռնումի մթնոլորտի մէջ կայացած խօսակցութեան ընթացքին առիթը եղաւ քննելու ազգային հարցերու համար համագործակցութեան ոլորտը գաղութային միջոցառումներու ծիրէն ներս եւ յատկապէս համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերու մասին։

          Շեշտուեցաւ կարեւորութիւնը՝ յաջորդական հանդիպումներու ճամբով զարգացնելու երկու աւանդական կուսակցութեանց միջեւ գործակցական ոգին, ինչպէս նաեւ հասարակաց խնդիրներու քննարկումի ձեւաւորման ճամբով ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտութիւնը։

 

Կաթողիկէ Հայոց թեմի կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեանի Հետ

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ի երեկոյեան նախօրօք ժամադրութեամբ հանդիպում տեղի ունեցաւ Յունաստանի ՌԱԿ Շրջանային նորընտիր վարչութեան եւ Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց թեմի կառավարիչ Գերապայծառ Տէր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեանի միջեւ:

          Սկզբնական բարի գալստեան եւ Նոր Տարուան առթիւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններէն ետք խօսակցութիւնը ընթացաւ յունահայ գաղութը յուզող հարցերու, ինչպէս նաեւ համահայկական բնոյթ ունեցող մտահոգութիւններու շուրջ։

          ՌԱԿ-ի Վարչութիւնը անդրադարձաւ ազգային հարցերու գծով միասնական աշխատանքի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու եւ երիտասարդութեան հաւատք ու սէր ներշնչելու նպատակաւ ուժ եւ միջոց չխնայել։

          Գերապայծառ Հայրը իր օրհնութիւններուն առընթեր՝ բարի եւ յաջող աշխատանք մաղթեց նորընտիր վարչականներուն՝ անդրադարձ մը կատարելով Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի եկեղեցական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ մշակութային գործունէութեանց շուրջ։

          Կողմերը բաժնուեցան՝ ընդգծելով, թէ նման հանդիպումներ եւ միտքերու փոխանակումներ լաւագոյնս կը սատարեն համագործակցութեան ճիգերուն։

 

Հայ Աւետարանական համայնքի Հովուապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի Հետ

          Յունաստանի ՌԱԿ Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը գաղութիս կառոյցներուն հետ ծանօթացման հանդիպումներու շարքին Հինգշաբթի, Յունուար 25 2018-ի երեկոյեան պաշտօնական հանդիպում կայացուց Յունաստանի Հայ Աւետարանական համայնքի Հովուապետ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի հետ Վեր. Գրիգոր Տեմիրճեանի յիշատակին յատկացուած հիւրասենեակին մէջ:

          Սկզբնական ընդունելութեան փոխադարձ ողջոյններու եւ Նոր Տարուան մաղթանքներու արարողութենէն ետք վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան շնորհաւորեց նորընտիր վարչականները՝ մաղթելով բեղուն աշխատանք եւ ծառայութիւն ի նպաստ հայ ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի յունահայ գաղութին։

          Երկուստեք խօսակցութիւնները ընդհանուր առմամբ կեդրոնացան գաղութային, կրթական, երիտասարդական, եկեղեցական եւ անշուշտ հայ ազգը յուզող հարցերուն վրայ: Մասնաւոր անդրադաձ եղաւ նոր սերունդի ունեցած այլ հետաքրքրութիւններուն առընթեր՝ անոնց մէջ արթնցնել ազգային ինքնութեան կարեւորութիւնը՝ օգտագործելով նոյնիսկ իրենց սիրելի համացանցին բազում կարելիութիւնները:

          Վերջապէս հանդիպումը ընթացաւ ջերմ եւ մտերիմ մթնոլորտի մէջ ու հասաւ իր աւարտին այն յոյսով, որ որոշ յաճախականութեամբ կրկնուին նման հանդիպումներ՝ արծարծելու համար յունահայ գաղութը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող հարցերը ու աւելի ամրապնդելու արդէն իսկ երկկողմ սերտ յարաբերութիւնները:     

 

ՍԴՀԿ Յունաստանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի Հետ

 

       Կիրակի, 28 Յունուար 2018-ի կէսօրուան ժամերուն Յունաստանի ՌԱԿ Շրջանային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի հետ նախօրօք որոշուած ժամադրութեամբ։

       Երկու կուսակցութիւններու նորընտիր վարչութեանց համար պատեհ առիթ ընծայուեցաւ իրար ծանօթանալու եւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ ու մաղթանքներ փոխանակելու յաջող եւ բեղմնաւոր գործունէութեան ի նպաստ յունահայ գաղութի բարգաւաճման եւ ուռճացման։

       Խօսակիցները անդրադարձան ազգային յուզող հարցերու՝ համամիտ ըլլալով, որ լայն ասպարէզ գոյութիւն ունի ու ժամանակի ընթացքին պէտք է համադրել մօտեցումները ու համահայկական իրադարձութիւնները եւ ենթահող պատրաստել ապագայ համագործակցութեան ազգային գլխաւոր հարցերու գծով՝ ընդգրկելով լայնախոհ ու նորաձեւութեամբ ապրող երիտասարդութիւնը եւ զանգուածները։

       Խօսակցութիւնը ընթացաւ հեզասահ տարբեր ոլորտներու ուղղութեամբ եւ երկու կողմերը համաձայն գտնուեցան յաճախակի հանդիպումներու խիստ կարեւորութեան, որոնց ընթացքին կը  յստականան նաեւ գործակցութեան հեռանկարները։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին