Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

«Նոյն Լուսնին Տակ» Անգլիացի Գեղանկարչուհի Այլին Գուբըրի Ցուցահանդէսը Լէթիսիա Ցուցասրահին Մէջ

*ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Համրայի Լէթիսիա ցուցասրահի տնօրէնուհի Անի Վարդիվառեան իր առաջին ցուցահանդէսին բացումին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Փետրուար 2018-ին, ներկայացուց Անգլիացի գեղանկարչուհի Այլին Գուբըրի վերջին գործերը «Նոյն լուսնին տակ» խորագրի ներքոյ։

Այս Գուբըրի առաջին ցուցահանդէսն է Պէյրութի մէջ ու շահեկան հանդիպումը լիբանանեան թեմաներու հետ։ Գուբըր բացառիկ տաղանդով կը պեղէ առասպելներ եւ հեքիաթական պատմուածքներ` բացայայտելով խորունկ իրականութիւններ մարդկութեան հանդէպ եւ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ իմաստ ունի կին, արուեստագիտուհի կամ մայր ըլլալը։

«Լէթիսիա ցուցասրահը,- կ’ըսէ Անի Վարդիվառեան,- ժամանակակից արուեստի սրահ մըն է, որ նուիրուած է Լիբանանի մէջ տեղական կամ միջազգային արուեստագէտներ ներկայացնելու»: «Մենք,- կը շարունակէ ան,- հետաքրքրուած ենք նորարար եւ յառաջադէմ արուեստով եւ մեր առաջին տարուան համար պիտի աշխատակցինք արուեստի աշխարհի առաջնակարգ ներկայացուցիչներու հետ, որոնք կը ներկայացնեն զանազան շրջաններ եւ դպրոցներ. անոնցէ առաջինն է Անգլիայի նկարչուհի Այլին Գուբըր։

Ծնած է Տէրպիշայր (Անգլիա) 1953-ին։ Գուբըր փոքր տարիքէն կը սկսի գծել։ 17 տարեկանին կը յաճախէ «Ashton College»-ը, ուր կը հետեւի արուեստի եւ գեղարուեստական ձեւաւորումի յատուկ դասընթացքներու, անկէ ետք կ’ուսանի նախ Goldsmiths գոլէճի (1971-74), ապա «Royal College of Art»-ի մէջ, ուրկէ կը վկայուի 1977-ին։ 2001-ին կ’ընտրուի անդամ թագաւորական Ագատեմիայի, որուն «պահապանը» (keeper) կը դառնայ 2011-ին։

Այս առաջին կինն է, որ ընտրուած է այս պաշտօնին 1768-էն ի վեր։ Թագաւորական Ագատեմիայի մէջ էր, որ Գուբըր կը հանդիպի Անի Վարդիվարեանին, որ զինք կը հրաւիրէ Լիբանան, որպէսզի ցուցադրէ իր գործերը։

«Նոյն լուսնին տակ» ցուցահանդէսին Գուբըր ներշնչուած է լիբանանեան պատմութենէն եւ բնատեսարաններէն` իրարու շաղկապելով ու միացնելով բնութիւնը, մարդկային մարմինը եւ մշակութային պատմութիւնը։ Լիբանանի մայրիի ծառերը ներկայ են իր նոր գեղանկարներուն մէջ։ Նմանապէս խճանկարները ուժգնօրէն կը խօսին լիբանանեան արուեստի եւ ձեւաւորումի բարդութեան մասին, ինչպէս նաեւ Գուբըր ցանկութիւն ունի պատմական կապեր հաստատելու իր կեանքին եւ գործերուն միջեւ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին