Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հանդիսաւոր Հոգեհանգիստ Վասն Հոգւոցն Հանգուցեալ Հայրապետացն Սրբոյ Աթոռոյս Եւ Համայն Միաբանից Ուխտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Կիրակի, 4 Փետրուար 2018-ին յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբան հայրերուն հոգեհանգստեան պաշտօնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարուող այս հոգեհանգստեան պաշտօնը աւանդութիւն մըն է եւ տեղի կ՚ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Աթոռոյս բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ: Հաւաքական այս հոգեհանգիստը առիթ կ՚ընծայէ եկեղեցական հայրերուն՝ վերանորոգելու ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու իրենց ուխտը, ինչպէս նաեւ վերակենդանացնելու՝ իրենց եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեամբ հայկական ինքնութիւնը կենդանի պահած մեր նուիրեալ հայրերուն յիշատակը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին