Չորեքշաբթի, 17 Յունուարին Յորդանանի Կրթութեան Նախարարի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան մը ընթացքին կատարուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի եւ Amman Baptist School-ի միջեւ կրթական մարզի համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը, ներկայութեամբ Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Հայկազեանի չորս դասախօսներու, կրթական ու եկեղեցական գործիչներու, ուսուցիչներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:
Նոյն ծիրին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը Յունուար 13-21 2018 երկարող շաբթուան ընթացքին Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի Baptist School–էն ներս իրականացուց կրթական պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ մանկավարժական կազմաւորման վերաբերող դասաւանդումի ծրագիր մը, 78 ժամուան տեւողութեամբ:
Սոյն ծրագրի առանցքային նիւթերը կազմեցին կրթական համակարգի եւ դասերու ծրագրաւորումը, աշակերտներու արժեւորումի գործընթացը, աշակերտական տարիքային առանձնայատկութիւնները, աշակերտակեդրոն ուսուցման տարբեր միջոցները, դասարանային ղեկավարումը, քննական մտածողութիւնը եւ ներառական կրթութիւնը:
Վերոնշեալ նիւթերը փոխանցուեցան ակադեմական ուսումնասիրութիւններու, տեսական եւ գործնական-կիրառական աշխատանքներու ընդմէջէն: Դասաւանդումները կատարեցին համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօսներէն՝ Դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, Դոկտ. Հանին Հութ, Դոկտ. Ֆարահ Էլ Զէյն եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան:
Ծրագրին մասնակիցներու ընդհանուր թիւն էր 170, որ կ’ընդգրկէր ուսուցիչներ, բաժնի պատասխանատուներ, նիւթերու համադրողներ եւ տնօրէններ: Մասնակիցները օժտուեցան ժամանակակից մանկավարժութեան գիտելիքներով, ինչ որ պիտի նպաստէ անոնց ասպարէզի յաւելեալ արդիւնաւէտութեան: