Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ «Զինուած Ուժերու Մետիա» Պետական Հաստատութիւնը Պիտի Ստեղծուի

Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի Պաշտպանութեան նախարարութեան «զինուած ուժերու մետիա» («Զինուժ Մետիա») պետական հաստատութիւնը:

Համապատասխան որոշումը հաստատուած է Փետրուար 1-ին ՀՀ կառավարութեան նիստին: Որոշման նախագիծը ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «News.am»-ը:

Ըստ որոշման՝ «Զինուած ուժերու սթուտիա» պետական հաստատութիւնը «Զինուժ» սթուտիա), Սպաներու տունը եւ «հայ զինուոր» պաշտօնական թերթը պիտի միաւորուին եւ պիտի վերափոխուին մէկ պետական կառոյցի` «Զինուած ուժերու մետիա»-ի:

Սարգսեանի խօսքով` այդ միջոցներու համախմբումը պիտի բարձրացնէ գործողութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան բանակի եւ հասարակութեան միջեւ կապերու ամրապնդման, երիտասարդութեան հայրենասիրութեան ոգիով դաստիարակման, ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացման, տեղեկատուական ոլորտի հետ համագործակցութեան զարգացման, հնարաւոր հակառակորդի տեղեկատուական քարոզչութեան գնահատման, հասարակական ցանցերու մէջ տեղեկատուական ճնշման հակազդման եւ Զինուած ուժերու դրական վիճակի ձեւաւորման:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին